Սուրիացի անուանի դերասան Հուսամ Թահսին Պէք սրտի տագնապ անցընելէ ետք փոխադրուած է հիւանդանոց: Այս մասին տեղեկութիւնը փոխանցած են Սուրիոյ լուրերը տարածող դիմատետրի կարգ մը էջեր: Աղբիւրները նշած են, որ երէկ երեկոյան անհանգստանելէ ետք դերասանը փոխադրուած է հիւանդանոց եւ ան ներկայիս կը գտնուի բժիշկներու խնամքին տակ:
Նշենք, որ Սուրիոյ մէջ մեծ հռչակի արժանացած անուանի դերասանը հանդէս եկած է մարմանւորելով ժողովրդային տասնեակ կերպարներ: Ան կը համարուի Տորէտ Լահամի, յայտնի ՝ Ղաուար անունով ամէնէն «հին» եւ վստահելի գործակիցներէն մին:
Հուսամ Թահսին Պէք ծնած է Դամասկոս, 1941-ին։