image

«Պէրմուտա»ի առեղծուածը լուծուեցաւ

«Պէրմուտա»ի   առեղծուածը լուծուեցաւ

Աւստրալիացի գիտնական մը պարզեց  «Պէրմուտա»-ի առեղծուածը,  որ կը գտնուի   Ատլանտեան  ովկիանոսի հիւսիսը։

Յիշեցնենք, որ 1945 թուականէն՝ «Պէրմուտա»ի վրայէն անցած բոլոր նաւերն ու օդանաւերը կը կորսուէին եւ անհնար կ’ըլլար գիտնալ այդ փոխադրամիջոցներուն   ճակատագիրը:   Այս իրավիճակը պատճառեց վախ եւ մտահոգութիւն։ Շատ  տարբեր վերլուծումներ կատարուեցան այս հարցի մասին։

Աւստրալիացի գիտնականը բացայայտած է որ վախի ու մտահոգութեան կարիք չկայ: Ըստ վերջինիս՝ այսքան տարիներէ պատահած դէպքերուն պատճառը՝ փոխադրամիջոցներուն վարորդներն են:

Ըստ գիտնականին՝ այդ շրջանին եղանակը քիչ մը տարբեր է եւ վերահսկելը՝ դժուար: Ուստի եթէ վարորդները պատրաստուած ըլլային, սորվէին, եւ տեղեկութիւններ ունենային՝ ոչ մէկ արկած  կը պատահէր ոչ ալ սուտ կամ սխալ վերլուծումներ կը կատարուէին, որոնք վախ եւ մտահոգութիւն պատճառած են տարիներու ընթացքին։