image

Ամերիկա կը սահմանափակէ ճամբորդներուն իրաւունքները

Ամերիկա   կը սահմանափակէ  ճամբորդներուն   իրաւունքները

Երթեւեկութեան ապահովութեան տնօրէնութիւնը յայտնեց, որ   դէպի Միացեալ  Նահանգներ  ուղղուող  ճամբորդները  յետ այսու իրենց հետ միայն բջիջային հեռաձայնի չափ սարքեր  բարձրացցնելու իրաւունք  պիտի ունենան:  

Ձեռքի համակարգիչները(lap top-երը), ipad-երը  նախապէս քննութեան պիտի ենթարկուին։

Իր կարգին «Ռոյթըրզ»   լրատուական  գործակալութիւնը  հաստատեց, որ այս որոշումը արդէն  սկսած է  կիրառուիլ ամերիկեան  10 օդակայաններու մէջ եւ յառաջիկայ ամիսներուն     օրէնքը  պիտի գործադրուի    ամերիկեան   բոլոր օդակայաններուն  մէջ։