Պէյրութի մէջ, յետ կարճատեւ հիւանդութեան, իր մահկանցուն կնքած է Սահակ Խաչատուրեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Պէյրութի իր աղբիւրէն: Մեր աղբիւրը նաեւ հաղորդեց, որ հանգուցեալը Դամասկոսի Թեմի նախկին առաջնորդ Տ. Գնէլ արք. Ճէրէճեանի հետ միասին կը համարուի հիմնադիրը «Գայանէ» քառաձայն երգչախումբին:
Հանգուցեալը, ըլլալով սարկաւագ եւ երաժշտութեան հմուտ մասնագէտ, երկար տարիներ դպրապետի պաշտօն վարած է Նոր Հաճըն Սուրբ Գէորգ, ապա Ռըմէյլի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցիներուն մէջ: Աւելի ուշ ստանձնած է Ֆանար եւ Ռաուտա շրջաններու մատուռներու դպրապետի պաշտօնը:
Սահակ Խաչատուրենի յուղարկաւորութեան եւ թաղման արարողութիւնը կատարուած է չորեքշաբթի՝ 26 յուլիսի յետմիջօրէին` Պուրճ Համուտի Նորաշէն թաղամասի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք հանգուցեալին մարմինը փոխադրուած է Ֆըրն Ալ Շըպաքի Ազգային գերեզմանատուն:
Այս տխուր առիթով «Արեւելք» իր վշտակցութիւնները կը յայտնէ հանգուցեալի սիրելիներուն եւ հարազատներուն: