Ֆրանսայի մէջ իր մահկանցուն կնքած է Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակի (ՀԱՀԳԲ-ԱՍԱԼԱ) անդամներէն Ռաֆֆի Ինճէեանը:
Նշենք, որ հանգուցեալը իր մահականցուն կնքած է Ֆրանսայի Ռոշ-սիւռ-Իոն շրջանի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ. ան 63 տարեկան էր
Ըստ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ին, Ռաֆֆի Ինճէեանը անոնցմէ էր, որ
70-ական թուականներուն միացած էր Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակին: Թերթը նաեւ կը գրէ, որ Ինճէյեան լուսանկարիչ էր եւ անդամ էր Ֆրանսայի Հայ ազգային շարժումին (MNA) եւ անոր պաշտօնաթերթ՝ «Հայ Պայքար»-ին:
Ութսունական թուականներուն ան մեկնած էր Լիբանան՝ ԱՍԱԼԱ-ի բանակավայր, իսկ աւելի ուշ ալ՝ Արցախ: Եղած է մտերիմ բարեկամը Մոնթէ Մելքոնեանի, Ալեք Ենիգոմշեանի, Մարտիրոս Ժամկոչեանի, նաեւ Փարիզի «Վան» գործողութեան հերոսներուն, որոնց հետ 1981-ին մարզուած էր Պեքաայի հովիտին մէջ: