image

Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտներու պատուաբեր արդիւնքները

Մեսրոպեան   վարժարանի   աշակերտներու պատուաբեր արդիւնքները

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանը փայլուն յաջողութիւն արձանագրեց 2016-2017 տարեշրջանի Թէքնիք Պաքալորէայի պետական քննութիւններուն:

Վարժարանի Թէքնիք Պաքալորէայի դասարանէն քննութիւններուն ներկայացան 29 աշակերտներ՝ երեք տարբեր մասնագիտութիւններով:

 Ամբողջական յաջողութիւն արձանագրեցին Համակարգիչի ու Հաշուապահութեան ինչպէս նաեւ Հիւրանոցային Կառավարման 24 աշակերտները:Պատուաբեր արդիւնք ձեռք բերին նաեւ մանկավարժութեան դասարանի ուսանողները. քննութեան ներկայացան 5-ը, որոնցմէ 4-ը յաջողեցան:

Այսպիսով, 2016-2017 տարեշրջանի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի 29 աշակերտներէն 28-ը յաջողեցան Թէքնիք Պաքալորէայի պետական քննութիւններուն, հաստատելով յաջողութեան 96,55 առ հարիւր համեմատութիւն:

Մեսրոպեան Արուեստից վարժարանի  տնօրէնութիւնը այս յաջողութեան առիթով կը շնորհաւորէ աշակերտները, խնդակցութիւն կը յայտնէ անոնց ծնողներուն եւ գնահատանք կ՛ուղղէ վարժարանի ուսուցիչներուն՝ անոնց կատարած աշխատանքին համար: