Պէյրութի մէջ երէկ իր մահկանացուն կնքած է Շաղիկ Խաչերեան- Հանտեանը (Ծն. Այնճար 1970 ): Այս մասին տեղեկութիւն ստացանք հանգուցեալի հարազատներէն: Ան իր մահկանացուն կնքած է վիրաբուժական գործողութեան մը ենթարկուելէ ետք: Հանգուցեալի յուղարկաւորութիւնը պիտի կատարուի Նոր Մարաշ թաղի «Սրբոց քառասնից մանկանց» եկեղեցւոյ մէջ, որմէ ետք անոր մարմինը պիտի փոխադրուի Այնճարի ազգային գերեզմանատուն: Ամուսնացած էր Արիս Խաչերեան- Սեմիմին հետ եւ ան քոյրն էր Յակոբ եւ Սեպուհ Հանտեաններու:
«Արեւելք» կը կիսէ այս վիշտը եւ համբերութիւն կը մաղթէ անոր ընտանիքի անդամներուն եւ հարազատներուն: