image

ՀԲԸՄ Հայաստանի «Քաղաքացիական Հասարակութեան Կամուրջ» ծրագիրի մեկնարկ

ՀԲԸՄ Հայաստանի «Քաղաքացիական Հասարակութեան Կամուրջ» ծրագիրի մեկնարկ

ՀԲԸՄ Հայաստանը պաշտօնապէս կը ծանուցանէ իր «Քաղաքացիական Հասարակութեան Կամուրջ» ծրագիրին մեկնարկը, որ կ՛իրականանայ «Եւրասիա Համագործակցութիւն» հիմնադրամին (ԵՀՀ) հետ համատեղ՝ Եւրոպական Միութեան դրամական յատկացումով:

Ընդհանուր առմամբ 2.2 միլիոն Եուրօ արժողութեամբ այս եռամեայ ծրագիրին նպատակն է Հայաստանի քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութեանց  (ՔՀԿ) կարողութիւններուն հզօրացումը՝ քաղաքացիներու կարիքները լաւագոյնս բաւարարելու նպատակով:

Շնորհիւ այս ծրագիրին, հայկական քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններուն առիթ պիտի տրուի մասնակցելու վերապատրաստման դասընթացքներու եւ մասնաւոր կազմակերպութիւններու կառավարման՝ համալսարանի մէջ գործադրուող հաւաստագրային ծրագիրի մը միջոցով, ինչպէս նաեւ օգտուելու անվճար տրամադրուող խորհրդատուութիւններէ եւ դիմելու փոքր դրամաշնորհներու:

«Որպէս համընդհանուր հայկական կազմակերպութիւն՝ ՀԲԸՄը ստանձնած է Հայաստանի եւ Սփիւռքի քաղաքացիական հասարակութեան հզօրացման նպաստելու գործը, զայն դարձնելով աւելի ճկուն, կայուն եւ ազդեցիկ», ըսաւ ՀԲԸՄի Հայաստանի նախագահ եւ ՀԲԸՄի Կենդրոնական վարչական ժողովի անդամ Վազգէն Եագուպեան:

Ծրագրի իրականացման որպէս առաջին եւ հիմնական քայլ, «Քաղաքացիական հասարակութեան Կամուրջ» ծրագիրը կատարած է աւելի քան 200 հայկական ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններու, ինչպէս նաեւ կրթութեան, առողջապահութեան, արուեստի, մշակոյթի, մարմնամարզանքի եւ երիտասարդութեան ասպարէզներու մէջ աշխատող ու սեռային հարցերով զբաղող փորձագէտներու մասնագիտական ասպարէզներուն առընչուող կարիքներու գնահատումը:

Հետազօտութեան արդիւնքներուն համաձայն՝ հայաստանեան ՔՀԿները առաւել արհեստավարժ դառնալու ձգտում ունին: Անոնք համոզուած են թէ գործընկերներու միջեւ փոխանակումը, ՔՀԿներու գրասենեակներուն մէջ ընթացող խորհրդատուութիւնները եւ ուղղորդումը իրենց կարողութիւնները բարելաւելու ամէնէն արդիւնաւէտ ձեւերն են: Ինքնուրոյն ելեւմտական կայունութիւն ապահովելու նպատակով ՔՀԿներու մեծամասնութիւնը կարեւոր կը նկատէ նաեւ ընկերային ձեռներէցութիւնը: Իսկ աւելի շատ կարելիութիւններ ձեւաւորելու համար, անոնք փորձառութեան փոխանակումի եւ միեւնոյն ասպարէզին մէջ աշխատող օտարերկրեայ կազմակերպություններու հետ կապեր ստեղծելու նպատակով ցանցեր կը փնտռեն:

Ծրագիրի իւրայատուկ մասը կը կազմէ Հայաստանի հանրային հատուածի զարգացման ասպարէզին մէջ Սփիւռքի տաղանդին եւ ներոյժին ներգրաւումը:

«Սփիւռքահայութեան փորձառութիւնը Հայաստանի ՔՀԿներուն ծառայեցնելու նպատակը փոխշահաւէտ է բոլորին համար», ըսաւ Հայաստանի մօտ Եւրոպական Միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Փէօթր Սուիթալսքի:

«Որակաւորուած ոեւէ անձ մեր ծրագիրին միջոցով կրնայ անվճար խորհրդատու ըլլալ, տեղական կազմակերպութեան խորհուրդի անդամ դառնալ եւ կազմակերպել վերապատրաստման որոշ դասընթացքներ կամ աշխատաժողովներ, ինչպէս նաեւ դառնալ ոչ առեւտրային կազմակերպութեան ծրագրի մը աջակիցը՝ նպաստելով հայաստանեան քաղաքացիական հասարակութեան զարգացման մէջ Սփիւռքի ներգրաւումին», ըսաւ «Քաղաքացիական Հասարակութեան Կամուրջ» ծրագիրի ղեկավար Արսէն Ստեփանեան:

Անվճար համացանցային Together4Armenia.am հարթակը, որ ՀԲԸՄ Հայաստանի և ԵՈՒՆԻՍԵՖ Հայաստանի կողմէ կը կառավարուի, սփիւռքահայ մասնագէտներու եւ փորձագէտներու ցանցէն գիտելիքներ եւ կարողութիւններ ստանալու առիթը կու տայ: