image

Պուրճ Համուտի մէջ ընթացք առած է «Սեն Ժաք» համալիրի բնակարանային շէնքերու կառուցման գործը

Պուրճ Համուտի մէջ ընթացք առած է «Սեն Ժաք» համալիրի բնակարանային շէնքերու կառուցման գործը

Երէկ` հինգշաբթի, 22 յունիս 2017-ին, գործադրուեցաւ Պուրճ Համուտի «Սեն Ժաք» համալիրի բնակարանային շէնքերու առաջին փուլը, որ համալիրի հիմքերու պեթոնապատման աշխատանքն էր: Սոյն աշխատանքին ներկայ էին Պուրճ Համուտի քաղաքապետն ու քաղաքապետական խորհուրդը:

 Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան այս մասին խօսելով «Ազդակ»օին, ըսած է, որ քաղաքապետական խորհուրդը տարիներ շարունակ աշխատած է Քեմփ Սանճաքի թիթեղաշէն շրջանը սեփականացնելու հարցով: 26 ապրիլ 2001-ին Պուրճ Համուտի  քաղաքապետական խորհուրդը իր հերթական նիստին որոշում տուած է պետական ծրագրաւորումը փոփոխութեան ենթարկելու: 16 հոկտեմբեր 2002-ի թիւ 8919 հրամանագիրին համաձայն, չեղեալ կը նկատուի պետական ծրագրաւորումը, որ քաղաքապետական խորհուրդը նախապէս որոշած էր փոխել: 29 նոյեմբեր 2002-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետական խորհուրդը որոշում կու տայ սեփականացնելու  Քեմփ Սանճաքի թիթեղաշէն շրջանը, իսկ 17 նոյեմբեր 2003-ի թիւ 11371 հրամանագիրին համաձայն, իրաւունք կը տրուի բնակարանային շէնքեր, վաճառատուներ եւ կառատուներ կառուցելու Քեմփ Սանճաքի տարածքին վրայ: 7 նոյեմբեր 2003-ին Լեռնալիբանանի դատարանին կողմէ կ՛որոշուին թիթեղաշէն տուներու բնակիչներուն փոխհատուցման գումարները: 2010-ին աճուրդի կը դրուին արտօնագիրներն ու քարտէզները: 10 յունիս 2015-ին նահանգապետը կը վաւերացնէ քաղաքապետական խորհուրդի թիւ 65 որոշումը եւ «Սեն Ժաք փլազա»-ի ծրագիրը կը յանձնուի «Քֆուրի» շինարարական ընկերութեան: 24 օգոստոս 2015-ին պաշտօնապէս «Քֆուր»-ի ընկերութեան կը վստահուի ծրագիրի գործադրութիւնը:

Քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան յոյս յատնած է, որ 3 տարի ետք մեր ժողովուրդին տրամադրութեան տակ դրուին  բնակարանները: Ան աւելցուց, որ շուտով քաղաքապետարանը մամուլով տեղեակ պիտի պահէ բնակարան ծախելու նախնական պայմանները:

Քաղաքապետը ըսած է, որ ծրագիրը կը բաղկանայ 3 շէնքերէ` 184 յարկաբաժիններով, սկսեալ 90  քառակուսի մեթրէն մինչեւ 135 քառակուսի մեթր տարածութեամբ: Ան աւելցուցած է, որ կառուցուելիք շէնքերուն կողքին արդէն սկսած է գործադրուիլ կառատուն մը կառուցելու ծրագիրը, ինչ որ պիտի նուազեցնէ Պուրճ Համուտի ինքնաշարժներու եւ խճողումի խնդիրները: Կառատան կառուցման աշխատանքները մինչեւ 3-4 ամիս կ՛աւարտին, եւ անիկա կը դրուի ժողովուրդին տրամադրութեան տակ:

Քաղաքապետը շեշտեց, որ բնակարաններու վաճառքի նախապատուութիւնը պիտի տրուի շրջանի բնակիչներուն եւ մանաւանդ երիտասարդներուն եւ նորապսակ զոյգերուն: