image
Հրատապ լուրեր:

Եգիպտացի բեմադրիչ Ալի Պատըրխան արժանացած է «Նիլ» մրցանակին

Եգիպտացի բեմադրիչ Ալի Պատըրխան արժանացած է «Նիլ» մրցանակին

71-ամեայ եգիպտացի բեմադրիչ՝ Ալի Պատըրխան, երէկ գիշեր, արժանացած է Եգիպտոսի արուեստի եւ գրականութեան մարզերուն մէջ ամենակարեւոր՝ «Նիլ» մրցանակին:Այս մրցանակին նիւթական վարձատրութիւնը մօտաւորապէս 27000 տոլար է:

Նշենք, որ 1967-ի շրջանաւարտ Ալին, հեղինակ է արաբական ֆիլմաշխարհի կարեւորագոյն կարգ մը ֆիլմերու, ինչպէս՝ «Ալ-քարնաք», « Ալ-ճուհ» (Անօթութիւնը), «Ալ-Հուպ Ալ-լազի Քան» (ՍԷրը որ կար) եւայլն: