image

Նիկոսիա. Յարգած են Քսան Հնչակեան հերոսներու յիշատակը

Նիկոսիա.  Յարգած են Քսան Հնչակեան  հերոսներու   յիշատակը

Կիրակի, 18 Յունիսին, Նիկոսիոյ Սբ. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ Սբ. Պատարագի ընթացքին, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ 1915 Յունիս 15-ին Կ. Պոլսոյ Սուլթան Պայազիտ հրապարակին վրայ կախաղան բարձրացած հնչակեան քսան հերոսներու յիշատակին: Արարողութեան ներկայ էին Ս.Դ.Հ.Կ. Կեդրոնական Վարչութեան եւ Կիպրոսի Վարիչ Մարմնի ընկերներ, ընկերուհիներ եւ համակիրներ: Պատարագի ընթացքին, Սբ. Էջմիածնայ տօնին նուիրուած իր քարոզին մէջ, գաղափարի նահատակներուն եւ նահատակութեան մասին յաւուր պատշաճի անդրադարձաւ Նիկոսիոյ ծխատէր քահանայ՝ Տէր Մոմիկ Քհն. Հապէշեան՝ ընդգծելով նոր սերունդը ազգասիրական ոգիով դաստիարակելու եւ տոգորելու կարեւորութիւնը:

Հոգեհանգիստէն ետք, յանուն Ս.Դ.Հ.Կ. Կիպրոսի Վարիչ Մարմնին ծաղկեպսակ զետեղուեցաւ եկեղեցւոյ բակին մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին կանգնած յուշակոթողին առջեւ:

Լիմասոլ քաղաքին մէջ եւս, Սբ. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ կատարուած Սբ. Պատարագի ընթացքին կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն նոյն առիթով: Օրուան պատարագիչն էր Կիպրոսի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Գերշ. Տէր Խորէն Արք. Տողրամաճեան, որ իր պատգամին մէջ անդրադառնալով հնչակեան քսան կախաղաններուն, վեր առաւ հայրենիքի պաշտպանութեան գաղափարը, յանուն ազատութեան եւ ինքնութեան զոհաբերուելու գիտակցութիւնը, ազգային արժէքներու փարելու կարեւորութիւնը՝ զուգահեռ կատարելով արցախեան ճակատներուն ինկած հերոսներուն խիզախութիւնն ու մի քանի օրեր առաջ ինկած հայ զինուորներուն ազգային յանձնառութիւնը: