image

Դպրեվանքի ամավերջի հանդէս. Արամ Վեհափառի ձեռամբ աւարտական աշակերտները վկայականներ ստացան

Դպրեվանքի ամավերջի հանդէս. Արամ Վեհափառի ձեռամբ աւարտական աշակերտները վկայականներ ստացան

Դպրեվանքը Սփիւռքի այն իւրայատուկ կառոյցներէն մին է, որ իր ուսերուն վրայ բարձած է մարդուժ մատակարարելու նուիրական առաքելութիւնն ու սրբազան պատասխանատուութիւնը։ Անցնող 87 տարիներու ընթացքին Դպրեվանքը մնաց հաւատարիմ իր առաքելութեան մէջ՝ հայ ժողովուրդին ընծայաբերելով հոգեւորականներ, ազգային գործիչներ եւ ուսուցիչներ։ Ս. Աստուածածին Վանքին մէջ գործող Դպրեվանքը, այս տարի եւս, առաւել յանձնառութեամբ եւ պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ, բոլորեց իր կրթական-ուսումնական 87-րդ տարեշրջանը։

 Նկատի ունենալով, որ այս տարի 65-ամեակն է Ս. Աստուածածին մատրան, Դպրեվանքի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 18 Յունիս 2017-ի երեկոյեան, Ս. Աստուածածին Վանքի շրջափակին մէջ գտնուող համանուն մատրան հովանիին ներքեւ՝ նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսին եւ մասնակցութեամբ միաբան հայրերուն, ուսուցչական կազմին եւ Դպրեվանքի բարերարներուն, բարեկամներուն, ծանօթներուն եւ Դպրեվանքի առաքելութեան հաւատացող ու սատարող հայորդիներուն։

Ամավերջի հանդէսը սկիզբ առաւ Դպրեվանքի քայլերգով, որմէ ետք բացման խօսքով հանդէս եկաւ Դպրեվանքի փոխ-տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Գարեգին Վրդ. Շխրտմեան։ Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հերթաբար ներկայացուց յայտագիրին ընթացքը։ Առաջին հերթին, խումբ մը դպրեվանեցիներ հոգեւոր երաժշտութիւն մատակարարեցին ներկաներուն՝ կիթառի կատարումով. որմէ ետք բեմ բարձրացան այլ տաղանդաւոր դպրեվանեցիներ եւ իրենց տաղանդը արտայայտեցին հայ բարձրորակ երաժշտութիւն հրամցնելով ներկաներուն՝ դաշնամուրի ճամբով։ Ապա, Բարշ. Աւետիս Սրկ. Ասայեան, յանուն աւարտական դասարանի աշակերտութեան, եւ առ ի երախտագիտութիւն իրենց ութամեայ խնամքին եւ հոգածութեան Դպրեվանքէն ներս, ընթերցեց ուղերձ։ Ուղերձի ընթերցումէն ետք, դպրեվանեցիներ հայկական տուտուկին կատարողութեամբ, Կոմիտասի հրաշագործ յօրինումներով դիւթեցին ներկաները։ Ապա, Դպրեվանքի «Արմաշ» երգչախումբը, ղեկավարութեամբ Դպրեվանքի հսկիչ՝ Հոգշ. Տ. Զաւէն Աբղ. Նաճարեանին, հայ մշակոյթի գոհարներով եւ կրօնական ու ազգային երգերու շունչով ներշնչեց հանդիսատեսները։

Գեղարուեստական յայտագիրէն ետք, բեմ բարձրացաւ Դպրեվանքի Տեսուչ՝ Հոգշ. Տ. Պօղոս Վրդ. Թինքճեան, որպէսզի ներկայացնէ Դպրեվանքի տարեկան տեսչական տեղեկագիրը։ Հայր Սուրբը իր խօսքին մէջ ըսաւ. «Աստուածային օգնականութեամբ եւ երկնային բարեխնամ տնօրինումով, մենք այսօր ականատես կը դառնանք Դպրեվանքի 86 հատորներէ բաղկացած պատմութեան մատենաշարին վրայ 87-րդ հատորի մը յաւելումին։ Պարզ դպրոցական հանդէս մը չէ այստեղ կատարուածը, այլ մարդակերտման առաքելութեան հսկայածաւալ պատմութեան վրայ իր տարեկան յաջողութիւններով ու իրագործումներով էջեր է որ կ՚աւելցնէ Դպրեվանքը»։

Ապա, Տեսուչ Հայր Սուրբը բեմ հրաւիրեց Վեհափառ Հայրապետը, որպէսզի աւարտական դասարանի աշակերտները Վեհափառ Հայրապետին ձեռամբ ստանան իրենց դպրեվանքեան հոգեմտաւոր կազմաւորման ութ տարիներու արգասիքը հանդիսացող վկայականները։

Վկայականաց բաշխումէն ետք, Նորին Սրբութիւնը անգամ մը եւս վեր առաւ Դպրեվանքի լոյսի աղբիւր ըլլալու եւ լոյս ջամբող հայակերտումի ու մարդակերտումի կեդրոն ըլլալու իրականութիւնը։ Վեհափառ Հայրապետը յատկապէս շեշտեց. «Մարդակերտումը եւ հայակերտումը սովորական բառեր չեն մեզի համար։ Ուսում ջամբելը դիւրին է, սակայն մարդուն մէջ մա՛րդը կերտելը, նկարագի՛ր կազմելը շատ դժուար է, եւ ահա այս առաքելութեան է լծուած մեր Դպրեվանքը։ Այս օրերուն մանաւանդ, սփիւռքեան մեր իրականութեան մէջ, մեր բոլոր գաղութները, մարդու կարիքը ունին։ Ուր ալ նայինք, ինչ մակարդակի վրայ ալ գտնուինք, մարդուժի պակասը միշտ ալ զգալի է։ Դպրեվանքը իր սրբազան առաքելութեամբ այս բացն է որ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ կը փորձէ լեցնել, եւ այս իմաստով հայ Սփիւռքը շատ բան կը պարտի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան»։

 Օրուան հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ «Ի վեհ բարձանց» մաղթերգի եւ «Կիլիկիա» քայլերգի երգեցողութեամբ։ Յայտնենք, որ ներկաները ստացան Դպրեվանքի «Գլաձոր» Տարեգիրքը, որ արտացոլացումն է ուսանողներու հոգեմտաւոր աշխատանքին։