image
Հրատապ լուրեր:

Անթիլիասի մէջ կը շարունակուին Սուրիոյ հայութեան վերականգնման շուրջ խորհրդակցութիւնները

Անթիլիասի մէջ կը շարունակուին Սուրիոյ հայութեան վերականգնման շուրջ խորհրդակցութիւնները

Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Շահան Արք. Սարգիսեանը կը գտնուի Անթիլիասի Մայրավանք, Սուրիոյ հայութեան վերականգնումի շուրջ խորհրդակցութիւններ ունենալու Նորին Սրբութիւն Արամ Ա. Կաթողիկոսին հետ։

Սրբազանը Սուրիոյ մէջ կատարուած նախնական աշխատանքներու ընդհանուր պատկերը ներկայացուցած է Վեհափառ Հայրապետին։ Իր կարգին, Վեհափառ Հայրապետը ողջունելով կատարուող նախապատրաստական աշխատանքները, անհրաժեշտ թելադրութիւններ կատարած է եւ պատասխանատու անձերը Անթիլիաս հրաւիրած է խորհրդակցութեան համար։

Նախապատրաստական աշխատանքներու աւարտին, կը ծրագրուի վերականգնումի ընդհանուր հաւաք կազմակերպել սկզբունքով սեպտեմբերի սկիզբը։