image
Հրատապ լուրեր:

«ՀԱԳ-ի անցնող յիսուն տարին» վաւերագրական ցուցահանդէս Պէյրութի մէջ

«ՀԱԳ-ի անցնող յիսուն տարին» վաւերագրական ցուցահանդէս Պէյրութի մէջ

Հայ Աւետարանական Գոլէճի հոգաբարձութեան հովանաւորութեամբ, Գոլէճի տնօրէնութիւնը կազմակերպած է «ՀԱԳ-ի անցնող յիսուն տարին» վաւերագրական ցուցահանդէս, որու պաշտօնական բացումը պիտի կատարուի՝ շաբաթ 27 մայիս, 2017-ին, Հայ Աւետ. Ս. Եկեղեցւոյ հանդիսասրահին մէջ:

Ցուցահանդէսը պատրաստած է Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը եւ կատարած է Պրն. Վազգէն Մուղալեանը: Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 10 յունիս: