image
Հրատապ լուրեր:

Թուրքիոյ մէջ հացադուլ ընող մտաւորականները ձերբակալուած են

Թուրքիոյ մէջ հացադուլ ընող մտաւորականները ձերբակալուած են

Թրքական դատարանի որոշմամբ ձերբակալուած են 76 օր շարունակ հացադուլի մէջ գտնուող գիտնական Նուրիյէ Կիւլմէնը եւ ուսուցիչ Սեմի Օզաքչանը: Թուրքիոյ մէջ 15 յուլիսի յեղաշրջման փորձէն ետք հաստատուած արտակարգ դրութեան ժամանակ Կիւլմէնը եւ Օզաքչանը հեռացուած էին աշխատանքէ: Անոնք վճռի դէմ բողոքելու եւ կրկին աշխատանքի վերադառնալու նպատակով հացադուլ յայտարարած էին:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ թրքական «Habertürk» լրատուական կայքը, Անգարայի գլխաւոր դատախազութիւնը «զինուած ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու» մեղադրանքով հետաքննութիւն սկսած էր անոնց նկատմամբ: Հացադուլի 75-րդ օրը Կիւլմէն եւ Օզաքչան դատախազութեան որոշմամբ բերման ենթարկուած էիմ: Իսկ մէկ օր անց դատարանը «զինուած ահաբեկչական կազմակերպութեան անդամակցելու» փաստարկով բաւարարած էր անոնց կալանաւորելու դատախազութեան պահանջը: