image

Մահացած է հալէպահայ Աբրահամ Մացակ Սահակեանը

Մահացած է հալէպահայ Աբրահամ Մացակ Սահակեանը

Այս առաւօտ՝ 15 մայիսին, Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ Աբրահամ Մացակ Սահակեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն1946-ի ծնունդ Մացակ Սահակեանը մահացած է հիւանդութեան դէմ երկար պայքարէ ետք:  

Նշենք, որ հանգուցեալը երակ տարիներ դասաւանդած է Հալէպի Կիլիկեան վարժարանէն ներս եւ բարձր պաշտօններ վարած է Հ.Բ.Ը. Միութեան  մէջ:  Ան 20 տարի  վարած է  ՀԲԸՄ-ի գրագիրի պաշտօնը:

Ամուսնացած էր, ունէրզաւակ` Յակոբ եւ Ալին: