image

Փոխըմբռնման յուշագիր ՀԲԸՄ-ի եւ Եունիսէֆի միջեւ

Փոխըմբռնման յուշագիր ՀԲԸՄ-ի եւ Եունիսէֆի միջեւ

ՄԱԿ-ի Մանկական Հիմնադրամի (ԵՈՒՆԻՍԵՖ) հայաստանեան գրասենեակը եւ Հ.Բ.Ը.Մ. Հայաստանը այսօր փոխըմբռնման յուշագիր մը ստորագրեցին Երեւանի մէջ, նպատակ ունենալով տեղական համայնքներու զարգացման ծրագիրներու մէջ Սփիւռքը նոյնպէս մասնակից դարձնելու ուղղութեամբ իրենց ճիգերը համատեղելու: Ծրագիրը պիտի գործադրուի Together4Armenia (Միասին՝ Յանուն Հայաստանի) կայք-հարթակի (www.Together4Armenia.am) միջոցով: Նորարար այս հարթակը Սփիւռքի համապատասխան ասպարէզներու փորձագէտներուն կարելիութիւնը պիտի տայ իրենց գիտելիքները եւ փորձառութիւնները փոխանցելու տեղական համայնքներուն եւ քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներուն:

«Թէեւ սկզբնական շրջանին նախատեսուած էր հարթակը ծառայեցնել մանուկներու եւ երիտասարդներու վերաբերող հարցերու, սակայն ի սկզբանէ ատիկա այլ ասպարէզներու վրայ ալ տարածուելու ներուժը ունէր, ինչպէս արուեստը, մշակոյթը, տեղեկատուական ճարտարարուեստները եւ գիւղատնտեսութիւնը»,-նշեց Հայաստանի մէջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի ներկայացուցիչ Թանիա Ռատոչայը: Ան աւելցուց. «Հայաստանի եւ Սփիւռքի միջեւ այսպիսի կապի մը ամրապնդումը կարեւոր է ոչ միայն մեր աջակցութեան կարիքը ունեցող տեղական համայնքներու մէջ բնակող մանուկներու, երիտասարդներու եւ ընտանիքներու, այլ նաեւ ապագային կազմաւորուելիք աւելի ընդգրկուն գործընկերութիւններու համար»:

Հարթակը ձեւաւորուած էր «Աշխատանքային գաղթի ընկերային հետեւանքներու մեղմացում» ծրագրի շրջանակներու ծիրին մէջ, որ ֆինանսաւորուած է Եւրոպական Միութեան կողմէ եւ իրագործուած ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի միջոցով: Միանալով այդ հարթակին, Հ.Բ.Ը.Մ. Հայաստանը պիտի իրականացնէ իր «Bridge for CSOs» ծրագիրը, որ նոյնպէս կը ֆինանսաւորուի Եւրոպական Միութեան կողմէ: Ծրագրի նպատակը տեղական քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւններու կարողութեանց բարելաւումն է՝ քաղաքացիներու կարիքներուն լաւագոյնս հետամուտ ըլլալու համար, որ ինքնին Together4Armenia հարթակի հիմնաքարն է:

«Կարողութիւններու փոխանակման այս կարեւոր առցանց գործիքի շուրջ ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հետ մեր գործընկերութիւնը Հ.Բ.Ը.Մ.-ին առիթը կու տայ օգտագործելու սփիւռքի ներուժը: Սփիւռքի ծրագրուած ներգրաւումը ռազմավարական առաջնահերթութիւն մըն է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի համար: Անիկա կ՛օգնէ մեզի դառնալու կողմերը իրարու կապող վստահելի կամուրջ մը, որ հաստատուն լուծումներու միջոցով պիտի նպաստէ Հայաստանի հզօրացումին»- ըսաւ Հ.Բ.Ը.Մ. Հայաստանի նախագահ եւ Վարչական Ժողովի անդամ Վազգէն Եագուպեանը:

Ապագային ԵՈՒՆԻՍԵՖ պիտի շարունակէ աշխատիլ 4 թիրախային մարզերու մէջ՝ Լոռի, Տաւուշ, Շիրակ եւ Գեղարքունիք, կեդրոնանալով մանուկներու առընչուող հարցերու լուծումին վրայ: Հ.Բ.Ը.Մ. Հայաստանը ուշադրութիւն պիտի դարձնէ աւելի լայն տարողութեան ծրագիրներու իրականացման վրայ՝ նպատակ ունենալով տեղական քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններու արհեստավարժ կարողութեանց ամրապնդումը՝ Սփիւռքի համապատասխան փորձագէտներու եւ այլ գործընթացներու հետ համապատասխանեցնելով եւ ձեւաւորելով քաղաքացիական հասարակական կազմակերպութիւններու կառավարումին ուղղուած կայուն կրթական համակարգ տեղական համալսարանի հետ համագործակցութեան միջոցով:

###

Together4Armenia-ն (Միասին՝ Յանուն Հայաստանի) նորաստեղծ եւ եզակի կայք հարթակ մըն է՝ նախատեսուած Սփիւռքի ներկայացուցիչներու գիտելիքները եւ հմտութիւնները տեղական համայնքներուն եւ քաղաքացիական հասարակութեան կազմակերպութիւններուն փոխանցելու համար:
Միացէ՛ք մեր համայնքին այսօր արձանագրուելով www.together4armenia.am կայքին մէջ:

ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի մասին
ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ը մանուկներու իրաւունքներու գծով համաշխարհային յառաջատարն է, որու գործունէութեան նպատակն է իւրաքանչիւր մանուկի համար ամէն տեղ ապահովել հաւասար կարելիութիւններ՝ յատուկ ուշադրութիւն դարձնելով ամենէն չքաւոր եւ խոցելի մանուկներուն:

ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի եւ անոր գործունէութեան մասին աւելին իմանալու համար կրնաք այցելել՝ www.unicef.amև www.unicef.org կայքերը:

Լրացուցիչ տեղեկութիւններու համար դիմել՝ Զառա Սարգսեանին, ԵՈՒՆԻՍԵՖ-ի հայաստանեան գրասենեակ, հեռ.՝ +37410 580 174, zsargsyan@unicef.org

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի մասին
Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Բ.Ը.Մ.) Սփիւռքի հնագոյն, համաժողովրդական եւ համահայկական կազմակերպութիւնն է: Հ.Բ.Ը.Մ.-ը իր կրթական, մշակութային ու մարդասիրական գործունէութեամբ կը նպաստէ հայկական ինքնութեան ու ժառանգութեան պահպանման եւ զարգացման: Այդ գործունէութեան շնորհիւ տարեկան շուրջ 500 հազար հայեր կ՛առընչուին Միութեան ծրագիրներուն:

Հ.Բ.Ը.Մ. Հայաստանի ծրագիրներու մասին յաւելեալ տեղեկանալու համար այցելեցէ՛ք www.agbu.am

Հ.Բ.Ը.Մ.-ի ընդհանուր գործունէութեան ծանօթանալու համար, այցելեցէ՛ք www.agbu.org

Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար՝ Նարինէ Հայրապետեան, հաղորդակցութեան ղեկավար, narineh@agbu.am, 060-72-22-13, 077-59-99-61