image

Թուրք արուեստագէտի՝ 1915-էն մինչեւ այսօր տեղի ունեցած բռնագաղթերուն նուիրուած ցուցահանդէս

Թուրք արուեստագէտի՝ 1915-էն մինչեւ այսօր տեղի ունեցած բռնագաղթերուն նուիրուած ցուցահանդէս

Թուրք արուեստագէտ Արզու Պաշարան «Դեռեւս այնտեղ» խորագրով հերթական ցուցահանդէս բացած է, ուր ուզած է ուշադրութիւն հրաւիրել Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակներէն սկսած երեւոյթի մը վրայ, որ այժմ ալ տարածուած է Սուրիոյ եւ Տիարպէքիրի մէջ:

Պաշարան բիծերու, գիծերու ու տարբեր աքսեսուարներու միջոցով պատրստած կտաւներուն մէջ փորձած է արծարծել բռնագաղթի թեման: Թրքական «medyascope.tv» կայքի հետ զրոյցին Պաշարան ըսած  է այդ ցուցահանդէսը ինչ-որ առումով հաշուետուութիւն է` կապուած Հայոց ցեղասպանութեան, Ռուանտայի, Պոսնիայի կոտորածներուն եւ վերջին տարիներուն Տիարպէքիրի մէջ կատարուածի վերաբերեալ:

Պաշարան նշած է, որ այդ հաշուետուութեան ցանկութիւնը իր մօտ առաջացած է Հրանդ Տինքի սպանութենէն ետք` աւելցնելով, որ ցուցահանդէսը սահմանափակուած չէ միայն 1915 թուականով, այլ կը պատմէ նաեւ այսօր Սուրիոյ եւ Տիրարպէքիրի մէջ իրենց տուներէն զրկուած ու գաղթի դատապարտուած մարդոց պատմութիւնը:

Պոլսոյ 44 Art Gallery-ի մէջ բացուած ցուցահանդէսը բաց կը մնայ մինչեւ 15 մայիս: