image

«Հազար ու մի խաղ» յուշ-երեկոյ Կոմիտաս թանգարանին մէջ՝ Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին առթիւ

«Հազար ու մի խաղ» յուշ-երեկոյ Կոմիտաս թանգարանին մէջ՝  Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին առթիւ

Հայոց Ցեղասպանութեան 102-րդ տարելիցին ընդառաջ` 23 պրիլին, ժամը 17:00-ին, Կոմիտաս թանգարան-հիմնարկին մէջ տեղի պիտի ունենայ «Հազար ու մի խաղ» յուշ-երեկոն: Այս մասին կը յայտնէ Թանգարան-հիմնարկի հասարակայնութեան հետ կապերու բաժինը:

Հանդիպման ընթացքին մասնակիցները պիտի ծանօթանան եւ երգեն տարբեր բանահաւաքներու կողմէ գրի առնուած ժողովրդական երգեր, որոնք մեզի հասած են Արեւմտեան Հայաստանէն գաղթած երգասացներու միջոցով:

Մուտքը ազատ է: