image
Հրատապ լուրեր:

Ոչ Եւս Է Հալէպահայ ազգային գործիչ տոքթ. Ժոզէֆ Օհանեան

Ոչ Եւս Է Հալէպահայ ազգային գործիչ տոքթ. Ժոզէֆ Օհանեան

Հալէպի մէջ իր մահկանացուն կնքած է հալէպահայ հասարակական գործիչ, ՌԱԿ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ, տոքթ. Ժոզէֆ Օհանեանը: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն:

 

Նշենք, որ հանգուցեալը եղած է Հալէպի Թէքէեան Մշակութային Միութեան եւ ՌԱԿ-ի երախտաւոր անդամներէն: Երկար տարիներ վարած է ԹՄՄ-ի Տեղական վարչութեան եւ ՌԱԿ-ի «Հերեան» ակումբի ատենապետութեան պաշտօնը:

 

Ամուսնացած էր, ունէր 2 աղջիկ զաւակ:

1948-ի ծնունդ բժիշկ Ժոզէֆ Օհանեանի թաղման եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ այսօր՝ Հինգշաբթի,  6 Ապրիլ, 2017-ին, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին, Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ: 

 

«Արեւելք» ցաւակցութիւն կը յայտնէ հանգուցեալին հարազատներուն: