image

Էօզտէմիր Թուրքիոյ մէջ նախագահական համակարգի դէմ քուէարկելու կոչ ըրած է թուրք ժողովուրդին

Էօզտէմիր Թուրքիոյ մէջ նախագահական համակարգի դէմ քուէարկելու կոչ ըրած է թուրք ժողովուրդին

Գերմանիոյ խորհրդարանի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի ընդունման հարցին մեծ ներդրում ունեցած Կանաչներու կուսակցութեան պատգամաւոր Ճեմ Էօզտէմիր կոչ ըրած է Թուրքիոյ քաղաքացիներուն 16 ապրիլին կայանալիք սահմանադրական փոփոխութիւններու վերաբերեալ հանրաքուէին դէմ քուէարկել կառավարման նախագահական համակարգին եւ թոյլ չտալ նախագահ Էրտողանի լիազօրութիւններու ընդլայնման: 

 

Ինչպէս կը յայտնէ թրքական demokrathaber.org կայքը՝ Էօզտէմիր նշած է, որ Թուրքիոյ իշխանութիւնները Թուրքիոյ ժողովուրդին մէջ տարածած վախը յաջողած են տարածել նաեւ Գերմանիա բնակող թուրքերու մօտ:

 

«Մենք միշտ ուզած ենք տնտեսապէս հզօր Թուրքիա տեսնել, որ հաւասար պայմաններ կը ստեղծէ իր բոլոր քաղաքացիներուն համար, ըլլայ ան թուրք, քիւրտ, հայ, Էրտողանի կողմնակից կամ հակառակորդ: Մենք ուզած ենք տեսնել աշխարհի յարգանքը վայելող Թուրքիա, որ հնարաւոր է միայն ժողովրդավարութեան եւ մարդու իրաւունքներու հանդէպ յարգանքի, մտքի եւ մամուլի ազատութեան հաստատման պայմաններուն», - նշած է Էօզտէմիր իր հրապարակած երկլեզու (թրքերէն-գերմաներէն) յայտարարութեան մէջ: