image

Հրաժարական տալու մտադրութիւն չունիմ. Արամ արք. Աթէշեան

Հրաժարական տալու մտադրութիւն չունիմ. Արամ արք. Աթէշեան

Պոլսոյ հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան պիտի չհրաժարի իր պաշտօնէն: Աթէշեանի հրաժարական չներկայացնելու համար առիթ հանդիսացած է Իսթանպուլի նահանգապետարանի միջամտութիւնը:

 

Տեղապահի ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք Աթէշեան ներկաներուն յանձնած է նահանգապետարանէն ստացուած գրութիւն մը, ուր նշուած է, որ պատրիարքի ընտրութիւններ ընելը իրաւականօրէն հնարաւոր չէ:


Ստեղծուած իրավիճակի շուրջ «Ակօս» շաբաթաթերթը զրուցած է Աթէշեանի հետ: Ան յայտնած է, որ նահանգապետարանի միջամտութեան վերաբերեալ պատրիարքարանը յայտարարութիւն պիտի չընէ: Տեղապահ ընտրուած արքեպիսկոպոս Պէքճեանի եւ կրօնական խորհուրդի ատենապետ Սահակ եպիսկոպոս Մաշալանի դիտարկաման, թէ Աթեշեանի՝ պատրիարքի փոխանորդի պաշտօնէն հրաժարական ներկայացնելու պարագային խնդիրը կը հանգուցալուծուի, Աթէշեան պատասխանած է. «Հրաժարական տալու մտադրութիւն չունիմ»:


Արքեպիսկոպոսը յայտնած է, որ հրաժարական կու տայ «Յովակիմ 1461» հիմնադրամի նախագահի պաշտօնէն՝ նշելով. «Այս հիմնադրամը ես ստեղծած էի հոգեւորականներուն օգնելու համար: Սակայն չափէն շատ բամբասանքներ կան: Այդ պատճառով ալ հրաժարական կու տամ»: