image

Մահացած է հալէպահայերու երբեմնի սիրուած երաժիշտ՝ Կոկան

Մահացած է հալէպահայերու երբեմնի սիրուած երաժիշտ՝ Կոկան

Այսօր Լոս Անճելոսի մէջ իր մահկանացուն կնքած է երաժիշտ՝ Կոկան: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրէն: Նշենք, որ Հայաստան ծնած երաժիշտը ասկէ շուրջ 15 տարիներ առաջ յայտնի անուն էր հալէպահայ մշակութային շրջանակներուն  մէջ:

Ան, որպէս  վարպետ դաշնակահար ելոյթներով  հանդէս կու գար Հալէպի   Amir Palace հռչակաւոր պանդոկին մէջ: Վերջին տասնամեակին երաժիշտը պայմաններու  բերումով գաղթած է  Միացեալ Նահանգներ:

Երեւան ծնած երաժիշտը վերջին շրջանին երաժշտական դասեր կու տար  Ֆիլիբեան արամատներ ունեցող աշակերտներու, ուր նաեւ կը ներկայացնէր հայկական երաժշտական կտորներ: Ըստ մեր  տուեալներուն ան անակնկալ  անհանգստութեան մը հետեւանքով փոխադրուած է հիւանդանոց ու հոն աւանդած իր հոգին: