Քեսապ հայկական աւանի երեք յարանուանութիւնները իրենց հոգեւոր հայրերով եւ մեծ ընտանիքով, Հինգշաբթի 23 Փետրուար 2017-ին միասնաբար հաւաքուեցան Սուրբ Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ յիշատակելու Վարդանանց պատերազմը: Բացման խօսքը կատարեց Հոգշ. Հ. Նարեկ Վրդ. Լուիսեան: Գեղարուեստական յայտագիրին բաժին բերին Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ Դպրաց դասը, Հայ Կթղ. Բարեյուսոյ վարժարանի 5-րդ դասարանի աշակերտները եւ Հայ Աւետ. Միացեալ Նահատակաց Վարժարանէն Նշան Սարգիսեանը:
Օրուան բանախօսն էր Պատուելի Ժիրայր Ղազարեան: Փակման խօսքով հանդէս եկաւ Արժ. Տ. Նարեկ Քհնյ. Զերենցեանը: