image

«Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքի շնորհահանդէս եւ պարգեւատրումներ

«Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքի շնորհահանդէս եւ պարգեւատրումներ

21 Փետրուարին Մայրենիի օրուան առթիւ ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան մէջ տեղի ունեցած է նախարարութեան աջակցութեամբ բացուած «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքի (Armlands.com) շնորհահանդէսը եւ «Իմ քաղցր լեզու» խորագիրով շարադրութիւններու մրցոյթի ամփոփումը:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է ՀՀ սփիւռքի նախարար  Հրանոյշ Յակոբեան: 

Մայրենիի տօնի առթիւ` մայրենիի անաղարտութեան պահպանման ու զարգացման գործին մէջ ունեցած նշանակալի ներդրման համար նախարարը ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մայրենիի դեսպան» մետալով պարգեւատրած է ԵՊԲՀ «Ապագայ բժիշկ» պաշտօնաթերթի գլխաւոր խմբագիր Սեդա Թորոսեանը, Երեւանի Գալուստ Կիւլպենկեանի անուան թիւ 190 աւագ դպրոցի տնօրէն Կարինէ Զատիկեանը, Միջազգային կրթական խորհուրդի նախագահ Հայկուհի Գէորգեանը, «Առաւօտ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Արամ Աբրահամեանը, Հանրային հեռուստատեսութեան լրատուական հաղորդումներու ղեկավար Արտակ Հերիքեանը, բ.գ.դ. փրոֆէսոր, «Սփիւռք» գիտաուսումնական կեդրոնի տնօրէն Սուրէն Դանիէլեանը, բ.գ.դ. փրոֆէսոր Լալիկ Խաչատրեանը, բ.գ.թ. դոցենտ Աշոտ Տէր Մինասեանը, Իրաքահայերու միութեան նախագահ Վարանդ Պետրոսեանը:

Այնուհետեւ նախարարը անդրադարձած է նորաստեղծ «Հայկաշխարհ» արեւմտահայերէն մանկապատանեկան կայքին: «Հայկաշխարհ»-ը նպատակ ունենալով դառնալու աշխարհի բոլոր մանկական կայքերու եւ տպագիր թերթերու շտեմարանը», – ըսած է ՀՀ սփիւռքի նախարարը:

Նախարարը ընդգծած է, որ կայքի կայացման անհրաժեշտ պիտի ըլլայ Հայաստանի եւ Սփիւռքի մանուկներու, պատանիներու աջակցութիւնը, հաշուի պիտի առնուին ներկայացուած առաջարկները: «Կայքը առաջին հերթին պիտի նպաստէ մեր ոսկեղենիկ արեւմտահայերէնի պահպանութեան»,– նշած է նախարար Հրանոյշ Յակոբեան:

Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան անդրադարձած է «Իմ քաղցր լեզու» խորագիրով շարադրութիւններու մրցոյթին: Ամփոփելով մրցոյթի արդիւնքները` նախարարը ընդգծած է, որ շարադրութիւններու մրցոյթին մասնակցած է Սփիւռքի աւելի քան 100 դպրոց, որոնցմէ ստացած են աւելի քան 1000 երեխայի ստեղծագործութիւն: