image

Ալեխանտրօ Տանտանեան Պուէնոս Այրէսի ազգային թատրոնի գլխաւոր տնօրէն նշանակուած է

Ալեխանտրօ Տանտանեան Պուէնոս Այրէսի ազգային թատրոնի գլխաւոր տնօրէն նշանակուած է

Պուէնոս Այրէսի Սերվանտեսի անուան ազգային թատրոնի գլխաւոր տնօրէն նշանակուած է հայ Ալեխանտրօ Տանտանեանը:

Ինչպէս կը գրէ «Հայերն այսօր»-ը, Արժանթին մէջ մեծ համբաւ ունեցող Սերվանտեսի անուան թատրոնը աւելի շատ յայտնի է իբրեւ Պուէնոս Այրէսի Ազգային թատրոն եւ այստեղ հանդէս եկած են սպանախօս աշխարհի յայտնի շատ ու շատ արուեստագէտներ:

Այդ յայտնիներէն մէկն է երգիչ, դերասան, բեմադրիչ, արուեստագէտ, թատերական գործերու հեղինակ Ալեխանտրօ Տանտանեանը: Հիմնադիրն է «Հարաւային համայնապատկեր» նախագիծին, որուն ծիրէն ներս, ի թիւս այլ գործերու, կը կատարուի արուեստագէտներու փորձի եւ աշխատանքների փոխանակում: Միաժամանակ, ան միշտ իր գործունէութեան մէջ մեծ ուշադրութիւն դարձուցած է երգարուեստին` ոչ միայն անձնապէս հանդէս եկած է իր կատարումներով, այլեւ կազմած է առանձին ծրագիրներ, որոնք յաջողութեամբ իրականացուած են Պուէնոս Այրէսի եւ այլ քաղաքներու մէջ:

Իբրեւ բեմադրիչ տասնեակ գործեր ներկայացուցած է հանդիսատեսին` Շեքսպիրէն մինչեւ  Պերթոլտ Պրեխտ եւ սպանացի Ալպերթօ Կոնսեխերօ: Իբրեւ սենարիստ եւ բեմադրիչ` յատկապէս մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացուցած է բեմ բարձրացուցած Ֆրանս Քաֆքայի «Ամերիկա»-ի Տանտանեանի տարբերակը:

Բազմաթիւ են օփերային գործերը, որոնք ներկայացուցած է ոչ միայն Պուէնոս Այրէսի մէջ, այլեւ երկրէն դուրս: Ան մասնակցած է աւելի քան 60 միջազգային տարբեր փառատօներու` արժանանալով բազմաթիւ մրցանակներու: Անոր առանձին գործերը թարգմանուած են փորթուկալերէն, անգլերէն, իտալերէն, ֆրանսերէն եւ գերմաներէն: