image

Սիպիլ վեց հայերէն երգեր երգեց թրքական TRT-ի երաժշտական կայանէն

Սիպիլ վեց հայերէն երգեր երգեց թրքական TRT-ի երաժշտական կայանէն

Երգչուհի Սիպիլ երէկ թրքական հեռատեսիլի TRT երաժշտական կայանէն ներս իր մասնակցութիւնը բերաւ: Թուրքիոյ հեղինակաւոր այս կայանէն ան որպէս հիւր ընդունուեցաւ Սէրքան Չաղրըի «Ձայներուն կանչը» յայտագրին կողմէ, ուր ներկայացուց վեց հայերէն երգեր:

Սիպիլ, հայ երաժիշտներէ բաղկացած նուագախումբի ըներակցութեամբ երգեց «Իմ անուշ տաւիղ», «Կիլիկիա», «Նազանի», «Նամակ», «Սարը կէլին» եւ «Արեւիդ մեռնեմ» երգերը: Անոր երգած ժամանակ պաստառին վրայ կ'երեւնար հայերէն երգի բառերու թրքերէն թարգմանութիւը:

Հաղորդավարը Սիպիլի հետ զրուցած ժամանակ շնորհակալութիւն յայտնեց այս երգերը ծանօթացնելուն համար, Սիպիլ նշեց, որ ինք ցաւ կ'ապրի, որ երկրի ժողովուրդը գաղափար չունի այս երգերու մասին, որոնք ծնունդ առած են նոյն հողէն:

Սիպիլին ընկերակցող հայ երաժիշտնրն էին՝ Մեսրոպ Օհանեան (ջութակ), Սարգիս Տոնպէօղլու (տուտուկ), Սեւան Իրեափան (քանոն), Հայկօ Կարապետօղլու (ձեռնադաշնակ) եւ Սեւան կարապետօղլու (տհոլ):

Հաղրդավար Չաղրըն շնորհակալութիւն յայտնեց երաժիշտներուն, ըսելով. «Ինչ լաւ է որ կաք ու կը նուագէք» եւ ինք ալ որպէս քլարինէթիսթ, չդիմացաւ եւ վերջին երգին ինք ալ ընկերակցեցաւ խումբին: