image

Ալեքսանդր Լափշինը Ազրպէյճանին արտայանձնելու որոշում կայացած է

Ալեքսանդր Լափշինը Ազրպէյճանին արտայանձնելու որոշում կայացած է

Պելառուսիոյ Հանրապետութեան գլխաւոր դատախազի տեղակալը որոշում կայացուցած է բաւարարելու Ազրպէյճանի գլխաւոր դատախազութեան խնդրանքը` Ռուսիոյ եւ Իսրայէլի քաղաքացի, պլոկըր Ալեքսանդր Լափշինը Ազրպէյճանին արտայանձնելու վերաբերեալ, կը հաղորդէ «Թերթ․ամ»-ը:

Յայտնի պլոկըրը, յիշեցնենք, Արցախ այցելելէ ետք յայտնուած էր Ազրպէյճանի «սեւ ցուցակ»-ին մէջ, ապա 2-րդ անգամ այցելած է Պաքու` ուքրանական անձնագիրով: Լափշինը նաեւ իր պլոկին մէջ հրապարակումներ կատարած էր Ազրպէյճանի մասին, ներկայացնելով այն խնդիրները, որոնց ինք հանդիպած էր այցելութեան ժամանակ, քննադատած այդ քաղաքականութիւնը:

Այսպիսով`պետութիւններու դէմ հրապարակային կոչեր ընելու եւ Ազրպէյճանի Հանրապետութեան պետական սահմանի անօրինական հատելու համար քրէական պատասխանատուութեան ենթարկուած է: Այս մասին իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ յայտնած է ՀՀ փաստաբաններու պալատի նախագահ Արա Զոհրաբեան` ներկայացնելով նաեւ կայացած որոշման քաղուածքը:

Աւելի առաջ լրատուամիջոցները գրած էին այն մասին, որ Լափշին յաջողած է 2-րդ անգամ Պաքու այցելել, քանի որ «Ալեքսանդր»-ի փոխարէն ուքրանական անձնագիրին մէջ նշուած եղած է «Օլեքսանդր» եւ ազրպէյճանական յատուկ ծառայութիւնները թոյլ տուած են անոր 2-րդ անգամ մտնել Ազրպէյճան:

Պելառուսիոյ դատախազութիւնը արտայանձման որոշումը հիմնաւորած է հետեւեալ կերպով. Արտայանձնումը տեղի կ՛ունենայ, երբ քրէական պատասխանատուութեան ենթարկելու համար կան բաւարար հիմքեր, երբ կատարուած յանցանքը քրէօրէն պատժելի է եւ կ՛ենթադրէ նուազագոյնը մէկ տարուայ ազատազրկում:

Իսկ հանգամանքը, որ պլոկըրը Պելառուսիոյ քաղաքացի չէ, որոշման համաձայն, չի խոչընդոտեր արտայանձման իրականացման: 

Պելառուսիոյ գլխաւոր դատախազութեան որոշումը կրնայ բողոքարկուիլ Մինսկի քաղաքային դատարան` 10 օրեայ ժամկէտի մէջ:

ի դէպ, Արա Զոհրաբեան իր ֆէյսպուքեան էջին մէջ նաեւ գրած է, որ այս որոշումը դեռ չեն տրամադրած Ալեքսանդր Լափշինի փաստաբաններուն:

Ան միաժամանակ յայտնած է, որ ՀՀ փաստաբաններու պալատին կողմէ ստեղծուած աշխատանքային խումբը կ՛աշխատի այս հարցով եւ իր հնարաւորութիւններու սահմաններուն մէջ մասնագիտական օժանդակութիւն պիտի ցուցաբերէ Լափշինին, քանի որ «Ալեքսանդր Լափշին մեր պաշտպանութեան կարիքը ունի»: