image

Հայ Դատի «Ազատութեան Մրցանակ»ը յանձնուած է Օզտեմիրին

Հայ Դատի «Ազատութեան Մրցանակ»ը յանձնուած է Օզտեմիրին

Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակը Պերլինի մէջ Գերմանիոյ Կանաչներու կուսակցութեան համանախագահ, Պունտեսթակի ազգութեամբ թուրք պատգամաւոր Ճեմ Օզտեմիրին յանձնած է Հայ Դատի ԱՄՆ Արեւմտեան ափի յանձնախումբի շնորհած «Ազատութեան Մրցանակ»ը: Այս մասին կը գրէ «artsakhpress.am» լրատուական կայքը: 

Մրցանակն Օզտեմիրին շնորհուած է Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւի ընդունման հարցին մէջ վերջինիս գործադրած ջանքերուն համար:

Պերլինի մէջ մրցանակը Պունտեսթակի պատգամաւորին  յանձնած է Հայ Դատի Եւրոպայի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան:

«Պատիւ ունիմ: Հայերուն տառապանքները մոռացուած չեն»,- նշած է Օզտեմիր:

Նշենք, որ Ճեմ Օզտեմիր, որ 1994ին հանդիսացած էր Գերմանիոյ խորհրդարանի առաջին թուրք երեսփոխանը, 2004էն 2009ի միջեւ նաեւ Եւրոպական խորհրդարանի անդամ եղած է եւ հեղինակն է երկու հատորներու։

Ան Հայոց Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի օրերուն Հայաստան այցելած էր՝ շեշտելով Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան ճամաչման կարեւորութիւնը։