image

Պոսթընի մէջ տեղի ունեցած է «Հայերը Ամերիկայի մէջ» նիւթով գիտաժողով

Պոսթընի մէջ տեղի ունեցած է «Հայերը Ամերիկայի մէջ» նիւթով գիտաժողով

Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան տարեկան 42րդ հաւաքին ու Միջին Արեւելքի ուսմանց միութեան տարեկան ժողովին զուգահեռ, Պոսթընի մէջ, 17 Նոյեմբերին տեղի ունեցած է նաեւ «Հայերը Ամերիկայի մէջ» նիւթով գիտաժողով մը։

Գիտաժողովին բացումը կատարած է ընկերակցութեան նախագահ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեան, որ նաեւ Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին համակարգողն է: Ան բարի գալուստ մաղթած է ներկաներուն եւ գիտաժողովի մասնակիցներուն։

«Ճամբորդութիւն. Հաւաքական յիշողութիւնն ու հայրենիքը ամերիկահայերու մօտ» նիւթով առաջին նիստին համակարգողը եղած է Հայագիտական ուսմանց ու ուսումնասիրութեանց ազգային միութենէն Մարք Մամիկոնեան, իսկ ուսումնասիրութիւններ ներկայացուցած են դոկտ. Մարկրիթ Մանուկեան (որ իր ուսումնասիրութիւնը պատրաստած է Անի Պաքալեանի հետ գործակցաբար), դոկտ. Քերըլ Պերթրամ եւ Սոնա Ներսիսեան։

«Հայկականութեան բազմազանութիւններ ամերիկեան եւ սփիւռքեան պարունակներուն մէջ» խորագրուած երկրորդ նիստը համակարգողը եղած է դոկտ. Վահէ Սահակեան, իսկ անոր ընթացքին ուսումնասիրութիւններ ներկայցուցած են Անաթոլի Թոմանչեւ, դոկտ. Շուշան Կարապետեան եւ Հելէն Մախտումեան։

Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութիւնը ներկայիս հաստատուած է Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ։ Անոր մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար, այցելել societyforarmenianstudies.com կայքը: