Երէկ, նախագահ Էրտողանի կողմէ կատարուած կոչին ընդառաջելով, բազմաթիւ քաղաքացիներ սկսած էին թրքական լիրայի վերածել իրենց ունեցած տոլարները: Էրտողան իր կոչին մէջ դիտել տուած էր, որ Թուրքիոյ դէմ դաւադրուած տնտեսական հարուածին դիմադրելու միակ ձեւը այս է, թրքական լիրայի կամ ոսկիի փոխել տոլարները, վերջ տալ տոլարով գործառնութիւններուն: Ըստ Էրտողանի, ասիկա այլեւս հայրենասիրական պարտականութիւն դարձած էր:
Բայց, ինչպէս կը գրէ «Հիւրրիյէթ» թերթը, երէկ խորհրդարանէն ներս պիւտճէի խօսակցութիւններու ընթացքին, CHP-ի կուսակցապետ Քէմալ Քըլըճտարօղլու պնդած է, որ նախագահ Էրտողան Ալպարաքա Թիւրք դրամատան մէջ 200 հազար տոլար ունի ու հարցուցած, թէ արդեօք նախագահն ալ թրքական լիրայի փոխե՞ց իր տոլարները:
Քըլըճտարօղլուի այս պնդումին պատասխանելով, դատական նախարար Պէքիր Պոզտաղ ըսած է, որ Էրտողան հիմա այսպիսի գումար մը չունի: Տոլարները աւրած ըլլալուն մասին փաստաթուղթ մըն ալ հեռուէն ցոյց տուած է: «Ահաւասիկ փաստն ալ հոս է», ըսած է ան: բայց Պէքիր Պոզտաղ մերժած է տալ, երբ CHP-էի խմբակի փոխնախագահ Էօզկիւր Էօզէլ մէկ կրկնօրինակը ուզած է այդ փաստաթուղթին: