image

Ռուսաստանի մարդասիրական օգնութիւնը Հալէպի բնակիչներուն

Ռուսաստանի մարդասիրական օգնութիւնը Հալէպի բնակիչներուն

Սիրիոյ մէջ հակամարտող կողմերու հաշտեցման ռուսական կեդրոնը Հալէպի թաղամասի բնակիչներուն 15 թոն մթերք փոխանցած է մարդասիրական օգնութեան տրամադրման ծիրէն ներս: Այդ մասին յայտնած է կեդրոնի ներկայացուցիչ Տանիէլ Ռիչկով, կը գրէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն:

«Մենք բեռ բերած ենք Շէյխ Մաքսուտ թաղամասի բնակիչներուն համար: Տուփերուն մէջ մաքարոնեղէն է, բրինձ, շաքար, արեւածաղիկի եւ եգիպտացորենի բուսաիւղ: Ընդհանուր՝ 15 թոն մթերք»,- ըսած է ան:

Նշենք, որ Շէյխ Մաքսուտի մէջ հիմնական քիւրտեր կը բնակին, որոնք մարտեր կը վարեն քաղաքի արեւելեան կողմը գտնուող խմբաւորումներուն դէմ: