image

Ամերիկահայ երգիչը՝ բժշկական սխալի մը զոհ

Ամերիկահայ երգիչը՝ բժշկական սխալի մը զոհ

Ամերիկահայ երգիչ Ռոպէրթ Չիլինկիրեան կնքած է իր մահկանացուն: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալին ծանօթներէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ Չիլինկիրեան կը պատրաստուէր վիրաբուժական գործողութեան,  եւ ան մահացած է բժշկական սխալի մը հետեւանքով: Նշենք, որ այս տեղեկութիւնը պէտք է համարել նախնական, մինչեւ որ կարելի ըլլայ կապ հաստատել Չիլինկիրեանի մօտիկ պարագաներուն կամ հարազատներուն հետ: Պէյրութ ծնած Չիլինկիրեան երկար տարիներէ ի վեր կայք հաստատած էր Միացեալ Նահանգներու մէջ: Ան լայն հռչակ շահած է  հայկական գաւառական երգերու իր յատուկ մեկնաբանութեամբ   եւ մոնոլոկային ժանրի իր  կատակ- երգերով: