image

Սասունի Մարութա Բարձր Աստուածածին եկեղեցին հասանելի պիտի դառնայ ուխտաւորներուն համար

Սասունի Մարութա Բարձր Աստուածածին եկեղեցին հասանելի պիտի դառնայ ուխտաւորներուն համար

Պատմական Մարութա լեռը եւ անոր գագաթին գտնուող Սուրբ Աստուածածին հայկական եկեղեցին այսուհետ հասանելի պիտի ըլլայ ուխտաւորներու համար: Թրքական «Anadolu» լրատուական գործակալութեան տեղեկացմամբ՝ Պաթմանի  նահանգային  ղեկավարութիւնը նախաձեռնած է դէպի լեռ տանող 8 քիլոմեթրանոց ճանապարհի կառուցման աշխատանքը, որ նախատեսուածի համաձայն՝ պիտի աւարտի մէկ ամիսէն:

Թուրքիոյ Պաթման նահանգի Սասոն (հայկական Սասունը) շրջանին մէջ գտնուող Մարութա լեռը տարածաշրջանի ամենաբարձր գագաթն է եւ ունի 2.973 մեթր բարձրութիւն:

Բաթմանի նահանգային խորհրդի անդամ Եըլմազ Չաքար նշած է, որ«այսուհետ տեղի հայերը եւ այլ ուխտագնացներ հնարաւորութիւն կ'ունենան այցելելու Մարութա Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին, ինչը նախապէս անհնար էր՝ ճանապարհի բացակայութեան պատճառով»: Բաթմանի թանգարանի տնօրէն Վեհպի Եուրթն ալ յիշեցուցած է, որ Մարութա լեռան Սուրբ Աստուածածին եկեղեցին 2013-էն ի վեր յատուկ պահպանութեան տակ առնուած է: Սակայն, ըստ թուրք մասնագէտի, եկեղեցուոյ տարածքին կատարուած ուսումնասիրութիւններու ընթացքին եկեղեցուոյ կառուցման թուականի եւ պատմութեան վերաբերեալ որեւէ գրութիւն չէ յայտնաբերուած:

Նշենք, որ եկեղեցին Մարութա Բարձր Աստուածածին անուամբ կը յիշատակուի «Սասնայ Ծռեր»ու մէջ: Ըստ աւանդութեան՝ եկեղեցին կառուցուած է Մեծ Մհերի պատուէրով: Այն աւերուած է Մսրա Մելիքի կողմէ, իսկ աւելի ուշ Դաւիթ այն մէկ օրուայ ընթացքին վերականգնած է: