image

Հալէպի մէջ մեծ շուքով նշուած է ՀՀ Անկախութեան 25 ամեակը

Հալէպի մէջ մեծ շուքով նշուած է ՀՀ Անկախութեան 25 ամեակը

Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 25-րդ տարեդարձին առիթով, Կիրակի, 25 Սեպտեմբեր 2016-ի երեկոյեան ժամը 6:00-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեան պաշտօնական ընդունելութիւն մը կազմակերպեց Հալէպի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ ներքնասրահէն ներս:
Եկեղեցւոյ մուտքին հրաւիրեալները դիմաւորուեցան ՀՄԸՄ-ի արի-արենոյշներուն եւ փողերախումբին կողմէ:
Սրահէն ներս հրաւիրեալները պաշտօնապէս ընդունուեցան ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանին եւ հիւպատոսութեան կցորդ Միսաք Պալայեանին կողմէ:

Հայաստանի Հանրապետութեան 25-ամեակը շնորհաւորելու եկած էին Սուրիոյ Խորհրդարանի Հալէպի պատգամաւորները, Հալէպի նորանշանակ նահանգապետ Հուսէյն Ահմատ Տիապը, Պաաս Կուսակցութեան Հալէպի պետը, պետական անվտանգութեան ներկայացուցիչը, պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբ. Արք. Սարգիսեան, Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան, Հայ Աւետարանական Համայնքի ներկայացուցիչ պատուելի Սիմոն Տէր Սահակեան, հալէպահայ կազմակերպութիւններու, միութիւններու, կրթական, բարեսիրական հաստատութիւններու ներկայացուցիչներ, ՀՕՄ-ի Կ. Վարչութեան անդամը, առաքինազարդ քոյրեր, հոգեւոր հայրեր եւ հոծ բազմութիւն մը: 




 

ՀՀ անկախութեան 25-ամեակին հանդիսութեան ՀՀ նախագահին կողմէ Հայրենիք-Սփիւռք կապերու զարգացման բերած նպաստին, ինչպէս նաեւ հայապահպանման գործին ներդրած աւանդին համար Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Եկեղեցւոյ Բերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի»ի մետալով: Պարգեւատրուեցան նաեւ ՀԲԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանակային Վարչութեան ատենապետ Ներսէս Ներսոյեան, ՀԲԸՄ-ի անդամ Հէնրի Արսլանեան պարգեւատրուեցաւ «Մխիթար Հերացի»ի մետալով, իր թարգմանչական բազմածաւալ գործունէութեան համար Ալեքսանտր Քէշիշեանին պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի»ի մետալով: Պարգեւատրուեցաւ նաեւ Հալէպի Ազգ. Հայկազեան վարժարանի նախկին տնօրէն Ֆիմի Տէր Յակոբեան, ինչպէս նաեւ՝ իրենց հայանպաստ վաստակին համար՝ Հուրի Ազէզեանն ու Սօսէ Պարոնեան:

ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանին կողմէ Հալէպի տիրող իրավիճակը, համայնքի կրթամշակութային կեանքը եւ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի միջոցառումները լուսաբանելու համար Աւօ Գաթրճեան Պատւոյ գիր ստացաւ: Պատուոգրեր ստացան նաեւ հիւպատասութեան աշխատակազմի անդամներ՝ Շանթ Ուրիշիկեան, Մարինէ Տարաքճեան եւ Անի Դաւիթեան:

Հուսկ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Շահան Սրբազան Արք. Սարգիսեան Բերիոյ Հայոց Թեմի «Ծառայութեան Բարձրագոյն Շքանշան»ով պարգեւատրեց ՀՀ Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոս Տիգրան Գէորգեանը, որ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց Սրբազան Հօր՝ պատիւ եւ պարտաւորեցնող համարելով այս շքանշանը: