image

ԱՄՆ-ի անտառին մէջ «կորսուած» գրադարան կառուցուած է

ԱՄՆ-ի անտառին մէջ «կորսուած» գրադարան կառուցուած է

Ինչպէս կը նշէ «Boredpanda.com»-ը, ամերիկեան «Studio Padron» ընկերութիւնը Hemmelig Rom (նորուեկերէն` «գաղտնի սենեակ») անունով գրադարան նախագծած ու կառուցած է, որն ամբողջովին կը համապատասխանէ մեկուսացման մէջ կարդալ սիրող իւրաքանչիւր գրքասէրի պահանջներուն:

Կայքը կը գրէ, որ անտառի մէջ «կորսուած» այս գրադարանը 200 քառակուսի մեթր մակերես ունի եւ պատրաստուած է կաղնիյէ: Գրադարանի մէջ կան մահճակալ, բազկաթոռ, գրասեղան ու նոյնիսկ փայտի վառարան: