image

Գերմանիոյ մտաւորականութիւնը Թուրքիոյ կողմէ ազատ խօսքի ճնշումներուն դէմ միջոցառում կը պահանջէ

Գերմանիոյ մտաւորականութիւնը Թուրքիոյ կողմէ ազատ խօսքի ճնշումներուն դէմ միջոցառում կը պահանջէ

Գերմանիոյ մէջ գրագէտներ եւ լրագրողներ վարչապետ Անկելա Մերքելէն եւ Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ժան Քլոտ Եունքերէն պահանջեցին, որ ուշադրութիւն կեդրոնացնեն Թուրքիոյ մէջ ձերբակալուած մտաւորականներու եւ լրագրողներու տագնապին վրայ եւ ջանք թափեն, որ Թուրքիոյ մէջ արտայայտուելու ազատութիւնը պաշտպանուի։

Մտաւորականները նաեւ շեշտեցին, որ Թուրքիոյ մէջ պետական ձախող հարուածէն ետք, մինչեւ այսօր, կառավարութեան դէմ եկող լրագրողներուն եւ լրատուամիջոցներուն դէմ հալածանք կը գործադրուի, լրագրողներուն անցագիրները կը գրաւուին եւ գրագէտներ կը ձերբակալուին, աւելցնելով, որ ցարդ աւելի քան 130 լրատուական ընկերութիւններ փակուած են եւ 29 տպարաններ գրաւուած են, իսկ գրագէտներ եւ հրատարակիչներ սարսափի օրեր կ՛ապրին։

Մտաւորականները նաեւ պնդեցին, որ կարելի չէ սակարկութեան նիւթ դարձնել արտայայտուելու ազատութիւնը։