image
Հրատապ լուրեր:

Ամերիկահայ Ռիչըրտ Յարութիւնեան դարձաւ ԱՄՆ ընդհանուր դատախազի խորհրդատու

Ամերիկահայ Ռիչըրտ Յարութիւնեան դարձաւ ԱՄՆ ընդհանուր դատախազի խորհրդատու

Նիւ Եորքի հիւսիսային շրջանի հայազգի դաշնակցային դատախազ Ռիչըրտ Յարթիւնեան երկուշաբթի, 22 օգոստոսին նշանակուած է Միացեալ Նահանգներու ընդհանուր դատախազ Լորեթա Լինչի քաղաքականութեան հարցերով խորհրդատուական յանձնաժողովի նախագահ։

Այս տեղեկութիւնը հաղորդած «timesunion.com» կայքը կը նշէ, թէ Տել Մար քաղաքէն 55ամեայ Յարթիւնեան աւարտած է «Ճորճթաուն» համալսարանը եւ նշեալ յանձնաժողովին փոխնախագահը դարձած էր 2015ի Յունուարին:

Յանձնաժողովի պարտականութիւնն է հաստատել Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան քաղաքականութիւնը, խթանել համագործակցութիւնը նահանգներու ընդհանուր դատախազներուն հետ, ինչպէս նաեւ նպաստել իրաւական չափանիշներու կիրառման հետեւողականութեան:

«Վստահ եմ, որ Ռիչըրտ Յարթիւնեան պատրաստ է ստանձնելու այսպիսի կարեւոր կառոյցի մը ղեկավարութիւնը», -յայտարարած է Լինչ: