image

Սաղաթէլեան հատու պատասխան տուաւ Փաշինեանին՝ «Տղայ ես զաւակներուդ հայրութիւն ըրէ»

Սաղաթէլեան հատու պատասխան տուաւ Փաշինեանին՝ «Տղայ ես  զաւակներուդ հայրութիւն ըրէ»

 

Մեր երկրին մէջ կը շրջի պարտութեան, ամօթի եւ խայտառակութեան ուրուականը, կը պարզուի նաեւ, որ այդ ուրուականը մշտապէս հարբած է, այսօր ինկեր է Հայաստանի գիւղերը, կրկին ջղաձգուեր է, կրկին կը զառանցէ: Այս մասին  համակիրներու հետ հանդիպման ժամանակ ըսած է ՀՅԴ ԳՄ ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեանը՝ խօսելով Փաշինեանի մասին:

 

«Այս մարդը մեր ժողովրդին շարունակում է վախեցնել պատերազմով, յաճախ զիջումներով եւ իր զիջումները հիմնաւորում է նրանով, որ որպէսզի նոր պատերազմ չլինի, պէտք է նոր տարածքներ տանք: Մենք ասել ենք՝ որքան զիջումներ տանք, այնքան դրանք աւելանալու են եւ սրա դէմը միայն կարող է առնել հզօր բանակը եւ այն մարդիկ, որոնք կարող են դիմագրաւել մեր պետականութեանը սպառնացող վտանգներին»,-ըսած է ան:

Սաղաթէլեանը նշած է, որ «Հայաստան» դաշինքի մէջ այն մարդիկ են, որոնք գիտեն, թէ ինչ է պատերազմը եւ կորուստը իսկ այս իշխանութեան պարագային նոյն պատկերը չէ եւ վերջիններուս պէտք է հեռացնել:

Սաղաթէլեանն անդրադարձած է Փաշինեանի յայտարարած այն պատարստակամութեան, թէ Աշոտ Փաշինեանին կրնայ տալ  բոլոր գերիներու դիմաց: «Այս մարդը շարունակում է իր կապիկութիւնները, տղայ ես, քո տղուն հերութիւն արա ու երեխեքին մի խառնի քաղաքականութեան մէջ, մենք գիտենք, որ դու յանուն քո աթոռի քո կնոջն էլ, քո երեխեքին էլ, ժողովրդին էլ յանձնելու ես»: