image
Հրատապ լուրեր:

Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպան Հրաչ Փօլատեանը հանդիպած է երկրի պաշտպանութեան նախարարին

Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպան Հրաչ Փօլատեանը հանդիպած է երկրի պաշտպանութեան նախարարին

8 Յունիսին, Իրաքի մէջ ՀՀ դեսպան Հրաչեայ Փօլատեանը հանդիպած է Իրաքի պաշտպանութեան նախարար Ճումաա Ինատ Սաատունին։

Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ երկիրներու միջեւ համագործակցութեան հեռանկարները, ինչպէս նաեւ 25 Մարտին Երեւանի մէջ երկու երկիրներու նախարարներու կողմէ ստորագրուած ՀՀ եւ Իրաքի պաշտպանութեան նախարարութիւններու միջեւ պաշտպանութեան բնագաւառին մէջ համագործակցութեան մասին մտադրութիւններու վերաբերեալ Համաձայնութեան կէտերու եւ դրոյթներու ընթացքը։

Հանդիպման ընթացքին կողմերը կարեւորած են պաշտպանութեան ոլորտի մէջ համագործակցութեան զարգացումն ու ընդլայնումը: