image

Հնդկաստանի Կանկես գետի ափերուն յայտնաբերուած է 100-է աւելի դիակ. Պատճառը «Քովիտ»ն է

Հնդկաստանի Կանկես գետի ափերուն յայտնաբերուած է 100-է աւելի դիակ. Պատճառը «Քովիտ»ն է

 

Հնդիկներու համար սուրբ համարուող Կանկես գետին մէջ տասնեակ մարդոց մարմիններ յայտնաբերուած են, որոնք, հաւանաբար, մահացած են «Քորոնա» ժահրէն:
Ինչպէս կը յայտնէ The Times of India պարբերականը, Պիհար նահանգի Պուքսար քաղաքի ղեկավարութենէն կարծիք յայտնած են, որ մարմինները հարեւան Ուտար Պրատեշ նահանգէն յայտնուած են ջուրին մէջ: Տեղի բնակիչներէն ոմանք կ'ենթադրեն, որ մահացածներու մարմինները հարազատները գետը նետած են: Անոնց կարծիքով՝ պատճառը աւանդական ծէսերու՝ դիակիզման արարողութեան ծախսալից ըլլալն է կամ մահացածներու՝ ժահրով վարակուած ըլլալու հանգամանքը:

Պուքսարի բնակիչները տեղի լրատուամիջոցներուն յայտնած են, որ 100-150 կիսաքայքայուած մարմին յայտնաբերուած է Կանկեսի ափերուն: Քաղաքացիները վախցած են եւ իշխանութիւններէն կը պահանջեն անյապաղ միջոցառումներ ձեռնարկել:

Պուքսարի շրջանային դատարանէն յայտնած են, որ մեղաւորներու նկատմամբ, որոնք ժահրով վարակուածներու մարմիններն առանց դիակիզելու նետած են ջուրը, խիստ միջոցներ պիտի ձեռնարկուին:

Նշուած է, որ յայտնաբերուած մարմիններու դիակիզումը՝ աւանդական ծիսակարգով, պիտի իրականացուի կառավարութեան հաշուոյն:

Հնդկաստանի մէջ համավարակի ողջ ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւը գերազանցած է 22 միլիոնը, մահացածներունը՝ 250 հազարը: