image

Պոլսոյ մէջ ատրպէյճանցի աքթիւիստի մը դիակը գտնուած է

Պոլսոյ մէջ ատրպէյճանցի աքթիւիստի մը դիակը գտնուած է

 

Պոլսոյ մէջ մահացած յայտնաբերած են ատրպէյճանցի հասարակական աքթիւիստ, խիղճի նախկին բանտարկեալ Պայրամ Մամետովը:

Այս մասին յայտնած է Minval.az կայքը` յղում ընելով վերջինիս հարազատներուն: Աքթիւիստի մարմինը յայտնաբերուած է ծովուն մէջ:

Աղբիւրի տեղեկութիւններուն համաձայն` Պայրամ Մամետովի մասին լուր չէ եղած երկու օր շարունակ: Երէկ հարազատները սկսած էին որոնել անոր: Նոյն օրը երեկոյեան անոր մարմինը յայտնաբերուած է ծովուն մէջ: