image

Գանատայի մէջ «Ասթրա Զէնիքա»ով պատուաստուած կինը մահացած է արեան խցանման հետեւանքով

Գանատայի մէջ «Ասթրա Զէնիքա»ով պատուաստուած կինը մահացած է արեան խցանման հետեւանքով

 

Գանատայի Ալպերթա նահանգին մէջ AstraZeneca ընկերութեան արտադրած դեղամիջոցով հակաքորոնաժահրային պատուաստում ստանալէ ետք արձանագրուած է մահուան երկրորդ դէպքը:

Այս մասին գրած է «ՌԻԱ Նովոստի»-ն, նշելով, որ մահը վրայ հասած է օրկանիզմին մէջ արեան մակարդելիութեան խանգարման հետեւանքով:

Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Գանատայի մէջ AstraZeneca պատուաստանիւթով ներարկումէ ետք առաջին մահը գրանցուած է Քիւպեք նահանգին մէջ` ապրիլի վերջը:

«Որպէս գլխաւոր ծառայող՝ ես ցաւով կը յայտնեմ, որ այսօր երեկոյեան մեր նահանգին մէջ 50 տարեկանը անց կին մահացած է AstraZeneca-ով պատուաստուելէն ետք առաջացած երակին մէջ արեան մակարդման պատճառով»,- յայտարարած է նահանգի գլխաւոր բժիշկ Տինա Հինշոուն: