image

Սերկէյ Լաւրով այսօր կը հասնի Երեւան. գլխաւոր թեման գերիներու հարցն է

Սերկէյ Լաւրով այսօր կը հասնի Երեւան. գլխաւոր թեման գերիներու հարցն է

Ռուսաստանի արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը 5 մայիսին պիտի ժամանէ Հայաստան, իսկ յաջորդ օրը հանդիպումներ պիտի ունենայ Հայաստանի ղեկավարութեան հետ, 10-11 մայիսին ալ Պաքու պիտի այցելէ: Այս մասին կը յայտնէ ТАСС-ը՝ յղում ընելով ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովային:

Նշուած է, որ 6 մայիսին նախատեսուած են հանդիպումներ Հայաստանի քաղաքական ղեկավարութեան, վարչապետի պաշտօնակատար Նիկոլ Փաշինեանի հետ: 

ՌԴ ԱԳՆ պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովայի խօսքերով՝ շփումներու ընթացքին կը նախատեսուի «մանրակրկիտ քննարկել երկկողմ եւ տարածաշրջանային համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ միջազգային ասպարէզին մէջ փոխգործակցութեան հարցերու լայն շրջանակ»: Բայց բանակցութիւններու գերակայ թեման պիտի ըլլայ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ առկայ համաձայնագրերու իրականացումը:

«Առաջնահերթ ուշադրութիւն պիտի դարձուի Ռուսաստանի, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ղեկավարներու 2020 թ. 9 նոյեմբերի եւ 2021 թուականի 11 յունուարի՝ Լեռնային Ղարաբաղի վերաբերեալ յայտարարութիւններու իրականացման գործնական քայլերուն»,- ըսած է Զախարովան:

Յիշեցնելով Հայաստանի մէջ սպասուող արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու մասին՝ լրատուամիջոցը գրած է, որ «Լաւրովի այցը տեղի պիտի ունենայ Հայաստանի խորհրդարանի երկու արտահերթ նստաշրջաններու միջեւ, որոնց ժամանակ կը քննարկուի նոր վարչապետի ընտրութեան հարցը, որմէ ետք կ'ակնկալուի օրէնսդիր մարմնի լուծարում: Կարելի է ակնկալել, որ այցի ընթացքին Ռուսաստանի նախարարը պիտի տեղեկացուի հանրապետութեան մէջ քաղաքական իրավիճակի մասին»: