image

Մահացած է՝ Սուրիահայ դաստիարակ եւ կրթական մշակ՝ Տիկն. Մարի Պապիկեանը

Մահացած է՝ Սուրիահայ դաստիարակ եւ կրթական մշակ՝ Տիկն. Մարի Պապիկեանը

Միացեալ Նահանգներու մէջ իր մահկանացուն կնքած է երկար տարիներու կրթական մեծ վաստակ ունեցող, դաստիարակ ՝ Տիկն. Մարի Պապիկեանը (Ծնեալ Ֆիլհաննէսեան)։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

Նշենք, որ Տիկն. Պապիկեան երկար տարիներ եղած է ուսուցիչ եւ դաստիարակած է սերունդներ, գործելով մասնաւորապէս Դամասկոսի մէջ։  Տիկին Մարիին մասին կարճ վկայութեամբ մը հանդէս եկած է հալէպահայ հրատարակիչ՝ Մաթիկ Էպլիղաթեան, որ կը ներկայացնենք ստորեւ.-

«ՏԻԿԻՆ ՄԱՐԻ ՊԱՊԻԿԵԱՆԸ ԱՆՄԱՀ Է

Կլէնտէյլ ապրող Սիրելի ընկերս Նազօ Պապիկեանը կը գուժէ՝ «Թանկագին Մայրս, Տիկ. Մարի Պապիկեանը ոչ եւս է»։

Ինչպէ՞ս կրնայ մահանալ Մաշտոցեան Բանակի անխոնջ ծառայ մը, որ իր փչած վերջին շունջին հետ կարտասանէր՝ «Հայ Լեզուն Տունն է Հայուն Աշխարհի Չորս Ծագերուն»:

Մարի Պապիկեան անունին հանդիպած եմ առաջին անգամ, երբ կը թղթատէի Երջանկայիշատակ ԶԱՐԵՀ Ա. Կաթողիկոսի յիշատակին նուիրուած ՀԱՍԿ-ի բացառիկ թիւը, հոն ճանչցայ մայրդ, իր գրիչին ընդմէջէն, շուրջ կէս դար առաջ էր:

Որքան ալ հարուածը ծանր է քեզի համար Սիրելի Նազօ, նոյնքան հպարտութիւն պիտի զգաս այսպիսի մօր մը զաւակը ըլլալուդ: Ան ուրախ մեկնեցաւ, յատկապէս իր ծոռը տեսնելէն ետք:

Ոչ միայն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑ» շքանշանակիր կրթական մշակ, այլեւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի (ՀՕՄ), երկար տարիներու անսակարկ նուիրեալ, որուն մասին յաճախ լսած եմ մօրմէս, որպէս պաշտօնակից:

Բախտաւոր են աշխարհասփիւռ բոլոր սերունդները, որոնք աշակերտած են Տիկին Մարի Պապիկեանին, Դամասկոսի մէջ:

Հերոսական Մուսա լերան ծնունդ Տիկին Մարիին յիշատակը անմահ է, Հայ դպրութեան մէջ:

ՀՈՂԸ ԹԵԹԵՒ ԳԱՅ ՎՐԱՆ»։