image

Եւրոպան ամէն ճիգ պիտի ընէ ազատելու համար Օսման Քաւալան

Եւրոպան ամէն ճիգ պիտի ընէ ազատելու համար Օսման Քաւալան

Եւրոպայի խորհուրդը յայտարարած է, որ պատրաստ է կիրառել բոլոր առկայ միջոցները թուրք բարերար եւ իրաւապաշտպան՝ Օսման Քաւալը ազատելու համար:

Քաւալ ազատազրկուած է 2017-ի հոկտեմբերին տարբեր մեղադրանքներով, որոնք կապուած են 2013-ի Կէզի այգիին մէջ համազգային բողոքի ցոյցերու եւ 2016-ի անյաջող ռազմական յեղաշրջման հետ:

Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանը (ՄԻԵԴ) բազմիցս վճիռ ներկայացուցած էր ազատման մասին՝ յղում ընելով ապացոյցներու բացակայութեան, որ Քաւալը գործած է ինչ որ յանցագործութիւն:

Այս շաբաթ Նախարարներու խորհուրդի նիստէն ետք Եւրոպայի Խորհուրդը հաստատած է ՄԻԵԴ-ի որոշումը եւ դարձեալ կոչ ըրած անյապաղ ազատելու Քաւալը:

Եւրոպական մարմինը մերժած է Թուրքիոյ ՍԴ-ի վերջերս կայացուցած որոշումը այն մասին, որ Քաւալի հիմնարար իրաւունքները չեն խախտուած՝ յայտարարելով, որ չէ ներկայացուած որեւէ նոր ապացոյց, որ կը հակասէ ՄԻԵԴ-ի սկզբնական որոշման:

«Քաւալի տեւական նախնական ազատազրկումը եւ անաւարտ դատավարութիւնը թոյլ կու տան եզրակացնել, որ ազգային իշխանութիւնները, անոնց կարգին՝ դատարանները, ուշադրութիւն չեն դարձներ Եւրոպական դատարանի վրայ»,- յայտարարած է Եւրոպայի Խորհուրդը:

Ընդ որում՝ Թուրքիան խախտած է Մարդու իրաւունքներու մասին եւրոպական համաձայնագրի 46-րդ յօդուածը, որ կը պահանջէ կատարել ՄԻԵԴ-ի վճիռները:

Եւրոպական Խորհուրդը յայտարարած է, որ պատրաստ է ապահովել որոշման կատարումը՝ աշխուժօրէն դիտարկելով բոլոր միջոցներու կիրառման հնարաւորութիւնը, որ ունի Կազմակերպութիւնը:

Հնարաւոր պատժամիջոցները կը ներառեն խորհրդէն ներս Թուրքիոյ ձայնի իրաւունքի զրկում կամ եւրոպական մարմնէն լիարժէք հեռացում:

Վերջին անգամ Թուրքիան հեռացուած էր Եւրոպայի Խորհուրդէն 1981-ի ռազմական յեղաշրջումէն ետք ժողովրդավար կառավարութիւն ձեւաւորելու անկարողութեան համար: