image

Պիտի շարունակենք ճնշումներ բանեցնել Թուրքիոյ դէմ

Պիտի շարունակենք ճնշումներ բանեցնել Թուրքիոյ դէմ

ԱՄՆ շատ բարդ յարաբերութիւններ ունի Թուրքիոյ հետ, ինչ որ մեծ աշխատանք կը պահանջէ, քանի որ Անգարան կը հրաժարի ժողովրդավարութենէն, յայտարարած է պետական քարտուղարի քաղաքական հարցերով տեղակալ՝ Վիքթորիա Նուլանտ:

«Մենք երկկողմանի յարաբերութիւններու մէջ շատ աշխատանք ունինք ընելու՝պարզելու համար մեր մտահոգութիւնները ոչ միայն այն մասով, թէ ինչ կ'ընէ Թուրքիան իր երկրի սահմաններէն դուրս, այլեւ՝ երկրէն ներս, ներառեալ ժողովրդավարութիւնը, մարդու իրաւունքները եւ մամլոյ ազատութիւնը»,- ըսած է Նուլանտ միջազգային յարաբերութիւններու յանձնաժողովին:

«ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցը պէտք է աջակցի ժողովրդավարութեան: Ես անհամբեր կը սպասեմ Անգարա վերադառնալու եւ այս հարցով զրոյցներ սկսելու հնարաւորութեան»:

Ըստ Նուլանտին՝ ԱՄՆ պէտք է շարունակէ ճնշում գործադրել Թուրքիոյ վրայ «Ս-400» համակարգերու շուրջ եւ պահպանել նոյն դիրքորոշումը Սուրիոյ, Լիպիոյ եւ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով: «Եւ աւելի լայն իմաստով՝ մենք պէտք է ՆԱԹՕ-ի մէջ սկսինք խօսիլ մեր դաշնակիցներու շրջանակին մէջ մեր արժէքներէն հրաժարելու մասին»,- ըսած է Նուլանտ: