
Հայոց ցեղասպանութեան 106-րդ տարելիցին ընդառաջ՝ Աւստրալիոյ հայ դատի յանձնախումբը տեղի հայկական համայնքի անունով բաց նամակ յղած է վարչապետ Սքոթ Մորիսոնին՝ կոչ ընելով ճանչնալու Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու, ինչպէս նաեւ ասորիներու ու յոյներու դէմ իրականացուած ցեղասպանութիւնը:
Յանձնախումբը յորդորած է վարչապետին հաւատարիմ մնալ դեռ 2011 թուականին խորհրդարանէն ներս իր ունեցած ելոյթին, ուր ան մասնաւորապէս յայտարարած էր. «Հայոց ցեղասպանութիւնը մարդկութեան դէմ իրականացուած ամենասարսափելի յանցագործութիւններէն է: Կարեւոր է, որ մենք ճանչնանք Հայոց ցեղասպանութիւնն այնպէս, ինչպէս որ է»:
Ի տարբերութիւն խորհրդարանական տարիներու գործունէութեան՝ արդէն վարչապետ Մորիսոնը, որ պաշտօնը ստանձնած է 2018 թուականէն, հրաժարած է կիրառել «ցեղասպանութիւն» եզրոյթը՝ տեղի տալով արտաքին ճնշումներուն:
«Հիմա Ցեղասպանութեան ճանաչման ժամանակն է: Աւստրալիոյ մէջ Հայոց ցեղասպանութեան հարցի շուրջ փոփոխուող քաղաքական մթնոլորտը եւ Ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ միջազգայնօրէն եղող դրական քայլերը կը ստիպեն մեզի հաւատալ, որ հիմա է ժամանակը»,- ըսուած է նամակին մէջ:
Յանձնախումբէն նշած են, որ վարչապետի պաշտօնը ստանձնելը պէտք չէ պատճառ դառնայ, որ փոխուին անձի արժեհամակարգն ու տեսակէտները:
«Աւստրալիոյ 50 հազարանոց հայկական համայնքի անունով մենք կոչ կ'ընենք ձեզի 1915 թուականի դէպքերը պաշտօնապէս կոչել իր անունով՝ Ցեղասպանութիւն»,- ըսուած է նամակին մէջ:















