image

Կանանց օրուան առթիւ բողոքի հաւաք ... եւ բերման ենթարկուածներ

Կանանց օրուան առթիւ բողոքի հաւաք ... եւ բերման ենթարկուածներ

Կառավարութեան բակէն, ուր «ՎԵԹՕ» շարժման կանայք բողոքի ցոյց կ'իրականացնէին, բերման ենթարկուած է 15 քաղաքացի։ Այս մասին յայտնած են Ոստիկանութեան լրատուութեան ծառայութենէն։

Նշենք, որ այսօր՝ 7 ապրիլին, շարժման անդամները բողոքի ցոյց իրականացուցած են, պահանջելով Կառավարութեան հրաժարականը։

Անոնք Շարլ Ազնաւուրի հրապարակէն քայլերթով հասած են Կառավարութեան շէնքի մօտ, փորձած են ճեղքել ոստիկաններու շղթան եւ մուտք գործել շէնք, որու հետեւանքով տեղի ունեցած են բախումներ ոստիկաններու եւ ցոյցի մասնակիցներու միջեւ։

Կանայք նաեւ հաւկիթներ նետած են կառավարութեան շէնքի ուղղութեամբ: 

Արշաւի մասնակիցներու ձեռքը կար թրքական ֆես, որուն վրայ գրուած էր «դուխով»: Անոնք կը վանկարկէին՝ «Առանց թուրքի Հայաստան»:

Ոստիկանները ցոյցի մասնակիցները բերման ենթարկած են:

«ՎԵԹՕ» շարժման նախաձեռնած արշաւի մասնակիցները կառավարութեան շէնքի դիմացէն շարժած են դէպի ոստիկանութեան կեդրոնական բաժին:

Անոնցմէ մէկը յայտնած է, որ ոստիկանութեան մօտ կը գտնուի նաեւ պատերազմին զոհուած Իշխան Պետրոսեանի դուստրը՝ Մարկարիթա Պետրոսեանը, Օմարի մէջ զոհուած Գէորգ Վիրապեանի քոյրը՝ Տաթեւիկ Վիրապեանը: