
Մօտ մէկ ու կէս տարի է, «Քորոնա» ժահրի համաճարակը մտահոգութիւնն ու նիւթն է աշխարհի: Այսօր, «Քովիտ 19»-ի դէմ պայքարելու պատուաստները մշակուելէ ու գործածուիլ սկսելէ ետք, այս անգամ անոնց արդիւնաւէտութիւնը եւ ապահովութիւնը դարձան աշխարհի ուշադրութեան կեդրոն:
«Քովիտ»ի դէմ պատուաստներէն՝ Astrazeneca-ն օգտագործման դրուելէն ետք լաւ արդիւնքներ չէ արձանագրած: Պատուաստը ստացողներէն շատեր կաթուած անցուցած են, երբեմն նոյնիսկ մահեր պատահած:
Եւրոպական դեղերու գործակալութիւնը, հաստատած է, որ Astrazeneca-ն ինչ որ առումով կապ ունի կաթուածի դէպքերուն հետ: Գործակալութեան պատուաստներու բաժնի պատասխանատու ՝ Մարքօ Քավալըրին աւելցուցած է, թէ կապը յայտնի է, բայց պատճառն ու հակազդեցութիւնը անյայտ, ան խոստացած է, որ այս առումով յառաջիկային յայտարարուին կարեւոր նորութիւններ: «Մասնագէտները դեռ երկար ճամբայ ունին կտրելու, մինչեւ, որ կատարելապէս հասկնան պատուաստի գործելաձեւը»:
Իր հերթին, օրեր առաջ, դեղերու եւ առողջապահական Բրիտանական ընկերութիւնը՝ (MHRA), յայտարարած է, թէ տակաւին ապացոյց չկայ, որ Astrazeneca-ն կը պատճառէ որեւէ բարդութիւն, այլ ընդհակառակը պատուաստը շատ լաւ կը կատարէ կանխարգիլման իր պարտականութիւնը: Հակառակ այն իրականութեան, որ մահուան 7 դէպք արձանագրուած է Բրիտանիոյ մէջ, ընկերութիւնը կոչ կ'ընէ շարունակելու պատուաստուիլ Astrazeneca-ով: Իսկ Աւստրալիոյ մէջ, մէկ մահուան դէպք արձնագրուելէ ետք, պետութիւնը կոչ ուղղած է հետախուզութիւն կատարել այս պատուաստի ապահովութեան կապակցութեամբ:
Միւս կողմէ Գանատան յայտարարած է, թէ պիտի չպատուաստէ 55 տարեկանէն վար անձերը «Քովիտի» դէմ այս պատուատով մինչեւ չբացայայտուին վտանգները:
Նշուած է թէ Եւրոպական երկիրներէ կաթուածներու մասին զեկոյցներ ներկայացուելէ ետք, Եւրոպան առկախած է այս պատուաստի գործածութիւնը:
Իսկ Միացեալ Նահանգներ, արդէն մինչեւ հիմա արտօնութիւն չէր տուած, որ օգտագործուի իր մօտ:
Ի դէպ, Astrazeneca արտադրող ընկերութիւնը, համաձայն իր կատարած փորձերուն, յայտարարած է թէ իր արտադրանքը 76% տոկոսով ազդու է ժահրին դէմ պայքարելու: Մինչդեռ սկզբնական օրերուն ան կ'ըսէր թէ պատուաստը ազդու է 79% տոկոսով, ինչ որ կասկածներ արթնցուցած է, թէ ներկայացուած փորձերուն արդիւնքները ամբողջական ու նոր չեն:
Նիւթը ՝ «Ալ Արապիյա»էն
«Արեւելք»ին համար թարգմանեց ՝ Թ.Գ.















